24 Aralık 2016
Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը պատասխանած է նոյն երկրին մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սելճուկ Ունալի` 1980-ականներուն Գանատայի մէջ հայկական ծագումով գանատացիներու կողմէն իրականացած ահաբեկչական յարձակումներուն վերաբերեալ մեկնաբանութեան, որ վերջինս ըրած է Դեկտեմբեր 19-ին, Անգարայի մէջ ՌԴ դեսպանի սպանութեան վերաբերեալ իր հարցազրոյցին մէջ:
«Մենք կը դատապարտենք իւրաքանչիւր վայրի մէջ, ոեւէ անձի կողմէն իրականացած ահաբեկչական յարձակումը: Կը կարծենք, որ այս ողբերգութենէն ուշադրութիւնը շեղելով եւ խօսելով իրենց դիւանագէտներու սպանութեան մասին` թուրք դեսպանը կը փորձէ նուազեցնել Անգարայի մէջ տեղի ունեցած սարսափին աստիճանը, եւ ատիկա նողկալի է:
Մենք կ՝ուզենք վերահաստատել Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ օսմանցիներու կողմէն 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան դատապարտումը:
Թուրքիոյ դեսպանին եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն խորհուրդ կու տանք կեդրոնանալու Ռուսիոյ դեսպանի սպանութեան հետաքննութեան, Թուրքիոյ մէջ անվտանգութեան վիճակի բարելաւման վրայ եւ աշխարհի ուշադրութիւնը չշեղել իրենց սեփական` բռնութեան հակուած քաղաքականութենէն»,- ըսուած է ՀՀ դեսպանի խօսքին մէջ: