24 Aralık 2016
Թուրքիայի ազգային մեծ ժողովի փոխնախագահ, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP-ժԴԿ) Սթամպուլէն ընտրուած պատգամաւոր Փերուին Պուլտանը ձերբակալուած է:
Վկայակոչելով թրքական «Haberler.com» լրատուական կայքը՝ Ermenihaber.am կը հաղորդէ, թէ ձերբակալութեան մասին առաջինը յայտնած է Պուլտանը՝ հասարակական ցանցի վրայ կատարած «ձերբակալուեցանք» արձանագրութեամբ:
Քրտամէտ կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակը եւս տարածած է յայտարարութիւն` յայտնելով Պուլտանի ձերբակալութեան մասին: Կը նշուի, որ քրտական ծագում ունեցող փոխ խօսնակը ձերբակալուած է իր Սթամպուլի տան մէջ:
Յիշեցնէք, որ Նոյեմբեր 4-ին ձերբակալուած քրտամէտ կուսակցութեան անդամ 12 պատգամաւորներէն 9-ին, ներառեալ` կուսակցութեան համանախագահներ Սելահըտտին Տէմիրթաշի եւ Ֆիկէն Իւքսեքտաղի վերաբերեալ Նոյեմբեր 9-ին կայացուած էր կալանաւորման որոշում: Նոյեմբեր 11-ին ալ կալանաւորուած էր Հաքքարիէն ընտրուած պատգամաւոր Նիհաթ Աքտողանը: