Ռուսիայէն Քննչական Խումբ Մը Դէպի Անգարա` Դեսպանի Սպանութեան Հետաքննութեան Համար - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

21 Aralık 2016  

Ռուսիայէն Քննչական Խումբ Մը Դէպի Անգարա` Դեսպանի Սպանութեան Հետաքննութեան Համար -

Ռուսիայէն Քննչական Խումբ Մը Դէպի Անգարա` Դեսպանի Սպանութեան Հետաքննութեան Համար Ռուսիայէն Քննչական Խումբ Մը Դէպի Անգարա` Դեսպանի Սպանութեան Հետաքննութեան Համար

Ռուսիոյ ապահովական մարմիններէն աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ նշեալ մարմիններէն քննչական խումբ մը Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութենէն ետք երեքշաբթի օր (երէկ) Ռուսիայէն պիտի մեկնէր Թուրքիա:

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարները երկուշաբթի երեկոյեան Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութենէն ետք համաձայնած են, որ Ռուսիան մօտ օրէն Թուրքիա ուղարկէ քննչական խումբ մը` սպանութեան հետաքննութեան համար:

«Երեքշաբթի կը պատրաստուի ռուսական ուժային գերատեսչութիւններու աշխատակիցներու մեկնումը Անգարա», ըսած է աղբիւրը: Ըստ անոր, խումբին մէջ ընդգրկուած են նաեւ բժիշկներ եւ հոգեբաններ:

Քարլովի դէմ զինեալ յարձակումը տեղի ունեցած էր երկուշաբթի օր Թուրքիոյ մայրաքաղաքի Ժամանակակից արուեստի կեդրոնին մէջ բացուած ցուցահանդէսին ընթացքին: Յարձակումէն ետք ան տեղափոխուած է հիւանդանոց, 40 վայրկեան ետք բժիշկները յայտնած են, թէ մահացած է:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ դեսպանը սպաննած 22-ամեայ թուրքը կրակելէ առաջ արտասանած է Քայիտայի ահաբեկչական խմբաւորման քայլերգի բառերը:

Թուրք ոստիկանը նախ օդը կրակած է, ապա մէջքէն վիրաւորած ռուս դեսպանը: Ոստիկան Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշ նախ մէջբերումներ կատարած է Քայիտայի քայլերգէն, ապա արաբերէնով բացագանչած` «Զիս այստեղէն միայն մահը պիտի տանի», եւ յայտարարած, որ ան հաւատարմութիւն յայտնած է ժիհատին: Ապա Ալթընթաշ բացագանչած է. «Ալլահը մեծ է, Հալէպը մի՛ մոռնաք, Սուրիան մի՛ մոռնաք», եւ քանի մը անգամ կրակած արդէն գետին ինկած դեսպանին վրայ:

Յարձակումէն անմիջապէս ետք, թրքական ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերը շրջապատած են ցուցահանդէսի շէնքը, լսուած է 15-20 կրակոց, հրացանաձգութիւնը դադրած է միայն 25 վայրկեան ետք:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ հրացանաձգութիւն կատարուեցաւ: Զինեալը ձերբակալուեցաւ: Դէպքէն ետք Անգարայի, Պոլսոյ եւ Ատանայի մէջ ամերիկեան ներկայացուցչութիւնները փակուեցան: Նախապէս փակուած էր նաեւ Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանատունը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+