21 Aralık 2016
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Պերլինի կեդրոնին մէջ Կաղանդի շուկայի մը մէջ «երէկ տեղի ունեցած արկածը ահաբեկչական յարձակում է»:
Ան շեշտեց. «Մենք յարձակում գործողը պիտի դատենք բոլոր միջոցներով եւ ահաբեկչական յարձակումներուն դիմաց ձեռնածալ պիտի չմնանք»:
Գերմանական «Վելթ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Կաղանդի տօնավաճառին ընթացքին մարդոց վրայ խուժած բեռնակառքի վարորդին ինքնութիւնը բացայայտուած է:
Թերթին տուեալներով` ձերբակալուած վարորդը փաքիստանցի Նաւետ Բ.-ն է, որ ծնած է 1 յունուար 1993-ին:
«Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իշխանութիւնները, կը նշէ, որ ան Գերմանիա մուտք գործած է փետրուարին` պալքանեան երթուղիով:
Նախապէս «Պիլտ» պարբերաթերթը յայտնած է, որ ան 31 դեկտեմբեր 2015-ին եկած է երկրի հարաւ-արեւելքը գտնուող գերմանական Փասաու քաղաք: «Պիլտ» նշած է, որ ոստիկանութիւնը նախապէս իմացած է ձերբակալուածի մասին, ան մանր իրաւախախտումներ կատարած է:
Ոստիկանութիւնը խուզարկեց 2008-էն ի վեր չգործող Պերլին-Թեմփելհոֆ օդակայանի շէնքը, ուր այժմ գաղթականներու համար ապաստան հաստատուած է: Կը հաղորդուի, որ ձերբակալուած վարորդը այդտեղ արձանագրուած եղած է:
Երէկ նաեւ հաղորդուեցաւ, որ բեռնակառքին մէջ յայտնաբերուած է դիակ մը: