20 Aralık 2016
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի բարբարոսական սպանութեան առիթով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը խստօրէն դատապարտած է այդ ահաբեկչական գործողութիւնը, ցաւակցութիւն յայտնած դեսպանի հարազատներուն եւ բարեկամներուն, Ռուսիոյ դիւանագիտական ծառայութեան եւ Ռուսիոյ ամբողջ ժողովուրդին: