19 Aralık 2016
Այսօր Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակիբ վրայ հանդիսաւոր կերպով կայացած է 16 մ բարձրութիւն ունեցող Հանրապետութեան գլխաւոր նոր տօնածառի լոյսերու վառման արարողութիւնը:
Տօնածառի լոյսերուն վառման պատիւը տրուած է Կաղանդ Պապային։ Փոքրիկներու համար համերգային ծրագիրով հանդէս եկած են մայրաքաղաքի մշակութային տան սաները:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին Ստեփանակերտի փոխքաղաքապետ Արմէն Յակոբեան ըսած է, որ այսպիսով տրուած է քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուող ամանորեայ տօնական ձեռնարկներուն մեկնարկը:
Խօսելով ծրագիրի ծիրէն ներս կատարուած եւ կատարուելիք ձեռնարկներուն մասին` Ա. Յակոբեան ըսած է. «Մօտ օրերս կ’աւարտենք Ստեփանակերտի փողոցների ամանորեայ ձեւաւորման ու զարդարման աշխատանքները: Պէտք է նշեմ, որ այս տարի եւս, վերջին տարիներին ձեւաւորուած աւանդոյթի համաձայն, մայրաքաղաքի տօնական տեսքի համար տեխնիկական աջակցութուն ենք ստացել Երեւանի քաղաքապետարանից, ինչի համար ուզում եմ իմ շնորհակաութիւնը յայտնել»:
«Դեկտեմբերի 31-ին առաւօտից, զարդարուած մեքենայով, Ստեփանակերտի փողոցներով ու թաղամասերով շրջայց կը կատարեն Ձմեռ պապն ու Ձիւնանուշը, ովքեր կ՛շնորհաւօրէն փոքրիկներին` տրամադրելով նուէրներ: Նոյն օրը` երեկոյեան Վերածննդի հրապարակում տեղի է ունենալու տօնական համերգ, որը եզրափակուելու է հրավառութեամբ»,- ըսած է Ա. Յակոբեան եւ շնորհաւորած համայն հայութիւնը գալիք 2017 թուականի առթիւ` մաղթելով խաղաղութիւն, առողջութիւն, սէր եւ յաջողութիւններ: