Հալէպը Վերապրեցաւ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

19 Aralık 2016  

Հալէպը Վերապրեցաւ -

Հալէպը Վերապրեցաւ Հալէպը Վերապրեցաւ

Իրա­կա­նու­թեան մէջ հա­լէպ­եան թէ ընդ­հան­րա­պէս սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի առա­ջին օրե­րուն եր­բեմն հա­կա­սա­կան, եր­բեմն իրե­րա­մերժ զգա­ցում­նե­րով կը տա­տա­նէի:

Մէկ կող­մէ կ՛ափ­սո­սա­յի երկ­րին աւե­րակ­նե­րուն հա­մար, բայց միւս կող­մէ որոշ սփո­փանք կապ­րէի` ինք­զին­քս հա­մո­զե­լով, որ թե­րեւս Հա­լէ­պի աւե­րու­մը լայն իմաս­տով մեծ յե­ղաշրջ­ման, բա­րեշրջ­ման խթան ըլ­լայ Սփիւռք-Հա­յաս­տան հայ իրա­կա­նու­թեան գծով ու կա­րա­ւան­նե­րը շար­ժին դէ­պի հիւ­սիս արե­ւելք: Վեր­ջա­պէս հա­լէ­պա­հա­յը ապաս­տա­նի Հա­յաս­տան, իսկ Հա­լէ­պը ձե­ւով մը, որ­պէս Մայր գա­ղութ, դառ­նայ առա­ջա­մար­տի­կը հայ­կա­կան Սփիւռ­քի հայ­րե­նիք դար­ձին:

Այ­նու­հե­տեւ դէպ­քե­րը, իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տան, Սփիւռք թէ Հա­լէպ զիս դէմ յան­դի­ման բե­րին տար­բեր եզ­րա­կա­ցու­թիւններու, տար­բեր վեր­լու­ծում­նե­րու, ուր Հա­լէ­պի փր­կու­թիւնը դար­ձաւ ինք­զինք պար­տադ­րող երազ եւ աղօթք:

Ու եղան հա­լէ­պա­հա­յեր, որոնք ի գին բա­զում զո­հա­բե­րու­թիւններու խո­նար­հե­ցան «Ապ­րէ՛ Հա­լէպ»ի խո­րա­նին, տրոր­ուած հո­ղին, դա­տին, փո­շի­նե­րու տակ կո­րած երա­նե­լի օրե­րուն եւ վեր­ջա­պէս շա­տե­րուն հա­մար ան­հասկ­նա­լի Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին դի­մաց:

Այ­սօր շա­տե­րու եւ շատ շա­տե­րու նման կու­գամ ոգե­կո­չե­լու ու խունկ ծխե­լու այն հե­րոս­նե­րուն յի­շա­տա­կին, որոնք իրենց կեանքն իսկ զո­հա­բե­րե­ցին այդ խո­րա­նին դի­մաց` պար­զա­պէս ապա­հո­վե­լու իրենց եղ­բայր­նե­րուն, եւ ոչ միայն հայ, բա­րօ­րու­թիւնն ու ապա­հո­վու­թիւնը:

Ապա կու­ գամ շնոր­հա­ւո­րե­լու անոնց, որոնք տուն տեղ թո­ղած իրենց գի­շեր­ները լուս­ցու­ցին, որ­պէս­զի տա­րե­ցը հո­գա­տա­րու­թիւն վա­յե­լէ, երե­խան` կր­թու­թիւն, հայ ըն­տա­նի­քը` հաց ու տաք տուն, եւ հա­յը չխեղ­ճա­նայ ու ան­տուն չդառ­նայ:

Վեր­ջա­պէս կ՛ու­զեմ իմ հի­աց­մունքս յայտ­նել մեր տղոց, դաշ­նակ­ցա­կան թէ ոչ, որոնք նե­ցուկ կանգ­նե­ցան իրենց նախ­նի­նե­րուն քր­տին­քով պա­րար­տա­ցած այս հո­ղին ու այս դրօ­շին:

Ապ­րիք տղաք, հա­զար ապ­րիք դուք, որ հա­ւա­տա­ցիք ու ձեր լա­ւա­գոյ­նը նուի­րա­բե­րե­ցիք «Ապ­րէ՛ Հա­լէպ»ի փշոտ եր­թին: Այ­սօր դուք ձեր պատ­մու­թեան գր­քին մէջ կր­նաք ար­ձա­նագ­րել , որ Ապ­րե­ցաւ ու Վե­րապ­րե­ցաւ Հա­լէ­պը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+