15 Aralık 2016
ԱՄՆ-ի մէջ գործող Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամը (Syrian Armenian Relief Fund, SARF) Չորեքշաբթի յայտարարած է, որ 100.000 տոլար փոխանցած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի հայ համայնքին օգնելու նպատակով:
Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ ընդհանուր առմամբ, տարուան ընթացքին, SARF-ի կողմէն հալէպահայութեան փոխանցուած գումարին չափը կը կազմէ 784.000 տոլար:
Հիմնադրամին ներկայացուցիչները ուշադիր կը հետեւին Հալէպի նորութիւններուն ու մշտական կապի մէջ են հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ` քաղաքին մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկութիւնները ճշգրիտ կերպով ստանալու համար: