14 Aralık 2016
Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտերս յայտարարած է, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու նոր գլուխներու բացումը կարելի չէ այն իրավիճակին մէջ, ուր թրքական իշխանութիւններու պատժիչ գործողութիւններ կը կատարուին:
«Ստեղծուած կացութեան մէջ կարելի չէ նոր բանակցային յօդուածներ բանալ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան միանալու հոլովոյթին մէջ», ըսած է ան Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան նախարարներու հանդիպումին հասնելէ ետք:
Եւրոպական Միութեան դրացնութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան իր կարգին խոստացած է, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններ «արդէն մէկ ամիսէ ի վեր տեղի չեն ունենար»:
Քուրց Պատրաստ Է Վեթօ Կիրարկելու Թուրքիոյ Հետ
Եւրոպական Բանակցութիւնները Շարունակելու Պարագային
kurz_121216
Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց դարձեալ յայտարարած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան մասին:
Աւստրիոյ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Քուրց ըսած է, որ եթէ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ընթացքին Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները շարունակելու վերաբերեալ որոշում որդեգրուի, ապա ինք վեթօ պիտի կիրարկէ:
«Մենք պատրաստ չենք հաստատելու անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու մասին որոշումի նախագիծը, որովհետեւ իմ կարծիքովս` որոշումին բնագիրը ճիշդ ձեւով չ՛արտացոլացներ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Թուրքիան օրինական պետութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն բացասական զարգացում արձանագրած է», նշած է ան:
Քուրց անհրաժեշտ նկատած է, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին որդեգրուած որոշումը առնուազն պարունակէ բանակցութիւններու սառեցման պահանջը: