Այսօր Հալէպի Հարցով Ռուս-Թրքական Հանդիպում. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցող Անիրաւութեան Ն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

14 Aralık 2016  

Այսօր Հալէպի Հարցով Ռուս-Թրքական Հանդիպում. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցող Անիրաւութեան Ն -

Այսօր Հալէպի Հարցով Ռուս-Թրքական Հանդիպում. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցող Անիրաւութեան Ն Այսօր Հալէպի Հարցով Ռուս-Թրքական Հանդիպում. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցող Անիրաւութեան Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շեշտեց, որ քաղաքայինները դուրս բերելու համար կարեւոր է Հալէպի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնել:

Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգն ու անոր աջակցող կողմերը պատասխանատու են Հալէպի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Թուրքիան լուռ պիտի չմնայ Հալէպի մէջ տեղի ունեցող անիրաւութեան նկատմամբ:

Միւս կողմէ, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ թուրք եւ ռուս պաշտօնատարներ այսօր Թուրքիոյ մէջ պիտի գումարեն ժողով մը` քննարկելու համար Հալէպի մէջ տիրող կացութիւնը:

«Ժողովը պիտի քննարկէ զինեալներու եւ քաղաքայիններու հեռացման միջանցքներու բացման եւ զինադադարի հաստատման կարելիութիւնը», նշած է թուրք պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Թուրքիա կը շարունակէ ամերիկեան իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Իրանի, Եւրոպական Միութեան եւ Ծոցի երկիրներուն հետ ընդդիմադիր խմբաւորումներու զինեալները Հալէպէն դուրս բերելու շուրջ իր ջանքերը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «կարելի էր զինեալները սեպտեմբերին արդէն Հալէպէն դուրս բերել, սակայն Ուաշինկթըն այդ ուղղութեամբ ոչինչ ըրաւ»` նշելով. «Զինեալները Հալէպի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը չստորագրեցին»:

«Արեւմուտքը անկարող է վերահսկել անոնք, որոնք ծայրայեղականներուն կ՛աջակցին», ըսաւ Լաւրով:

«Թուրքիոյ հետ աշխուժ հաղորդակցութիւն ունինք» նշեց ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+