12 Aralık 2016
Թուրքիոյ ներկայ տարածքին մէջ գտնուող Էլեազըղ (պատմական Խարբերդ) քաղաքին մէջ կատարուած հնագիտական պեղումներու ընթացքին հայկական Սուրբ Կարապետ (թուրք.` Քըզըլ քիլիսէ) եկեղեցւոյ մօտ յայտնաբերուած է հայատառ արձանագրութիւններով հին քարէ մատեան մը:
Ըստ «Թերթ․ամ»-ի՝ թրքական Ensonhaber.com կայքը կը փոխանցէ, որ 80×53 չափերու քարէ մատեանը ունի 165 տարուայ պատմութիւն:
Նշենք, որ Խարբերդի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին 19-րդ դարու կառոյց է:
Կայքը կը յայտնէ, որ մատեանը փոխանցուած է Էլեազըղի պատմութեան թանգարանի պահպանութեան: