11 Aralık 2016
Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա մասնայատուկ ուժերու յաւելեալ 300 անդամներ ուղարկած է Սուրիա:
Թուրքիոյ Տենիզլի նահանգին մէջ տեղակայուած թիւ 11 մասնայատուկ ուժերու զօրախումբէն 300 անդամ ուղարկուած է հիւսիսային Սուրիա` թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ այդ երկրին մէջ 24 օգոստոսէն ի վեր իրականացուող «Եփրատի վահան» զինուորական գործողութեան մասնակցելու համար:
Նշեալ զինուորները ուղղաթիռներով Չարտաք զինուորական օդակայանէն մեկնած են Սուրիա: