Անգարա-Պերլին Ճգնաժամը Կը Խորանայ. Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ Հարցաքննուած Են Գերմանացի Դիւանագէտներ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

11 Aralık 2016  

Անգարա-Պերլին Ճգնաժամը Կը Խորանայ. Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ Հարցաքննուած Են Գերմանացի Դիւանագէտներ -

Անգարա-Պերլին Ճգնաժամը Կը Խորանայ. Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ Հարցաքննուած Են Գերմանացի Դիւանագէտներ Անգարա-Պերլին Ճգնաժամը Կը Խորանայ. Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ Հարցաքննուած Են Գերմանացի Դիւանագէտներ

Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ, անձնագիրը կորսնցուցած Այշէ Նուր Պահչեքափըլըն` գերմանական օդակայանին մէջ պահելու փաստէն ետք Պերլինի եւ Անգարայի միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամը կը շարունակէ խորանալ:

«Արմէնփրես», վկայակոչելով գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ն, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդակայաններուն պետական մակարդակով հրահանգ տրուած է դիւանագիտական անձնագիր ունեցող Գերմանիոյ բոլոր քաղաքացիները յատուկ ուսումնասիրութեան ենթարկել, հարցաքննել, ատկէ ետք միայն թոյլատրել մուտքը երկիր կամ ելքը երկրէն:

Կարգադրութենէն անմիջապէս ետք անիկա սկսած է կիրարկուիլ օդակայաններուն մէջ: Յայտնի է, որ Պոլսոյ Աթաթուրքի եւ Էսենպողա օդակայաններուն մէջ գերմանական դիւանագիտական անձնագիր ունեցող ուղեւորները «երկար եւ մանրամասն» անձնագրային քննութեան կ՛ենթարկեն: Նոյնիսկ Աթաթուրքի օդակայանին մէջ 8 դեկտեմբերին ատոր պատճառով Գերմանիոյ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող չորս անձեր փախցուցած են իրենց թռիչքները:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ին յայտնած են, որ իրենք այս պահուն որեւէ առնչութիւն չունին խնդիրին հետ, եւ օդակայաններուն մէջ նոր կարգադրութիւնը պետութեան որոշումն է: «Առնչութիւն ունեցող բոլոր մարմինները եւ գլխաւորաբար փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը կը շարժին համաձայն կարգադրութեան», ըսած են նախարարութենէն:

Հարցին միջամտած է Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունը, որ կապ հաստատած է թրքական լիազօր մարմիններուն հետ` սպասելով պատասխաններու: Կ՛ակնկալուի, որ Պերլին կրնայ խիստ նախազգուշացում կատարել Անգարային` այդպիսի քայլերու դիմելուն համար:

Քէօլնի մէջ անծանօթ անձեր գողցած էին Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Այշէ Նուր Պահչեքափըլըի պայուսակը, որուն մէջ եղած են անձնագիրն ու անձը հաստատող այլ փաստաթուղթեր: Երեսփոխանը ոստիկանութեան բողոք ներկայացուցած է, Թուրքիոյ հիւպատոսարանէն ժամանակաւոր անձնագիր առած է, սակայն օդակայանին մէջ իրաւապահ մարմինները զինք որոշ ժամանակ պահած էին եւ որոշ յստակացումներ կատարելէ ետք միայն արտօնած վերադառնալ Թուրքիա:

Պահչեքափըլը յայտարարած էր, որ գերմանական օդակայանին մէջ վատ վերաբերմունքի արժանացած է, ձերբակալուած եւ պահուած յանցագործներու հետ: «Շատ նուաստացուցիչ էր երկրիս համար: Մենք գերմանացի կամ այլ օտարերկրացի խորհրդարանականներու նկատմամբ յարգանք կը դրսեւորենք: Շատ վատ պահ անցուցի», ըսած է ան:

Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը հերքած է թուրք երեսփոխանը ձերբակալելու փաստը: Գերմանական կողմը յայտնած է, որ օդակայանին մէջ շուտով թռիչքը չեն արտօնած, որովհետեւ Պահչեքափըլըի ունեցած ժամանակաւոր անձնագիրին մէջ չէ եղած տեղեկութիւն մուտքի արտօնագիրի վերաբերեալ:

Փաստին առնչութեամբ Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանը կանչուած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+