11 Aralık 2016
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ կարգ մը պատուիրակութիւններ կանխատրամադրուած են Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ նախաձեռնութեան դէմ:
Ան աւելցուց, որ Հալէպի շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած եւ Ռուսիոյ առաջարկները չեն քննարկուած` շեշտելով, որ Սուրիոյ վերաբերեալ հասարակաց սկզբնակէտ մը պէտք է ըլլայ, իսկ ատիկա չէ եղած:
«Չըսի, թէ Հալէպի մէջ զինուորական գործողութիւնները ամբողջովին դադրած են, այլ` դադրեցուած են քաղաքայիններու դուրս բերումին օժանդակելու համար», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Լաւրով յայտնեց, որ Հալէպի կացութեան կարգաւորման եւ զինեալներու քաղաքէն հեռացման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու լաւ առիթ կայ:
Մինչ այդ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնը յայտնած է, որ աւելի քան 8 հազար հոգի մէկ օրուան մէջ դուրս եկած է արեւելեան Հալէպէն:
«Միայն վերջին մէկ օրուան ընթացքին հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնին աջակցութեամբ Հալէպի` զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն դուրս եկած է 8461 հոգի, ներառեալ 2934 երեխայ», ըսուած է կեդրոնին հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի ատկէ, 14 զինեալներ զէնքերը վար դնելով յանձնուած են սուրիական բանակին: «Սուրիոյ նախագահին որդեգրած որոշումին համապատասխան` անոնց բոլորին ներում պիտի շնորհուի», ընդգծած է կեդրոնը:
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր գործիչներ հաղորդեցին, որ զէնք-զինամթերքով բեռնաւորուած ամերիկեան ապրանքատար 7 ուղղաթիռներ հասած են Ռաքքայի հիւսիսային գիւղական շրջանի Այն Իսա քաղաքին մէջ գտնուող իրենց զինուորական խարիսխը»` աւելցնելով. «Տեսնուած են Ժողովրդավարական Սուրիոյ ուժեր»-ուն պատկանող եւ զինեալներ ու սպառազինութիւն փոխադրող շարք մը մեքենաներ, որոնք կ՛ուղղուին Այն Իսա»:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ 8 դեկտեմբերին Սպիտակ տան կայքին վրայ հրապարակուած յուշագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ջնջած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն զէնքի մատակարարումներու սահմանափակումները:
«Գործողութիւնները, որոնք կը ներառեն պաշտպանական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու տրամադրում արտասահմանեան այն ուժերուն, ոչ կանոնաւոր ուժերուն, խումբերուն կամ առանձին անձերուն, որոնք կ՛օժանդակեն կամ կ՛աջակցին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական գործողութեան, կարեւոր նշանակութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան շահերուն համար», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Այս որոշումէն օգտուելու համար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարն ու պաշտպանութեան նախարարը պէտք է ստանան Քոնկրեսի հաւանութիւնը: