05 Aralık 2016
Թուրքիոյ Շանլըուրֆայ նահանգի (պատմ. Ուրֆա, Եդեսիա) Աքչաքալէ շրջանին սահմանակից սուրիական Թել Ապեատ շրջանին մէջ Սուրիոյ քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն» (ԺՄԿ-PYD) կուսակցութեան անդամներուն կողմէ բարձրացուած է իրենց ռազմական թեւի` «Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներ»-ու (ԺԻՋ-YPG) մեծ դրօշը, կը հաղորէ ermenihaber.am-ը:
Թրքական «Haberler» լրատուամիջոցը նկատել կու տայ, որ այդ ամէնը տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած` թուրք-սուրիական սահմանին կը շարունակուի թրծաշաղախէ (cement) պատի շինարարութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիան աւելի առաջ որոշում կայացուցած էր Սուրիոյ սահմանին «անվտանգութեան պատ» կոչուող նախագիծի ընթացքի արագացման վերաբերեալ, որուն ծիրէն ներս Սուրիոյ սահմանին արդէն կառուցուած 200քմ․ երկարութեամբ պատին պիտի աւելնայ եւս 700քմ: Նշեալ ծրագիրով` կը նախատեսուի ամբողջութեամբ ծածկել Թուրքիոյ` Սուրիոյ հետ ունեցած 911քմ երկարութեամբ սահմանը:
Պաշտօնական Անգարան թէ Սուրիոյ քրտական ուժերուն, թէ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն»-ը (ՔԲԿ-PKK) կը դիտարկէ, որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւններ։