Եգիպտահայ Համայնքը Կը Շարունակէ Պահպանել Իր Դարաւոր Կառոյցները - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

05 Aralık 2016  

Եգիպտահայ Համայնքը Կը Շարունակէ Պահպանել Իր Դարաւոր Կառոյցները -

Եգիպտահայ Համայնքը Կը Շարունակէ Պահպանել Իր Դարաւոր Կառոյցները Եգիպտահայ Համայնքը Կը Շարունակէ Պահպանել Իր Դարաւոր Կառոյցները

Շուրջ 20 միլիոննոց Գահիրէի ամենաբանուկ եւ ամենակարեւոր պողոտաներէն մէկուն` Ռամսեսի վրայ կը գտնուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին. կառուցուած է ճարտարապետ Լեւոն Նաֆիլեանի նախագիծով` 1928-ին: Այն ժամանակ թեմի առաջնորդը Թորգոմ արքեպիսկոպոս Գուշակեանն էր, անոր օրօք, որ եգիպտահայոց թեմը անջատուեցաւ Երուսաղէմէն եւ Օսմանեան կայսրութեան քայքայումէն ետք անցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ենթակայութեան տակ:

«Սփիւռքահայ մեր բոլոր օճախներուն կեդրոնը եկեղեցին է, եւ հայութիւնը կը հաւաքուի եկեղեցւոյ շուրջ, որով ոչ միայն իր հոգեւոր հարցերը կը լուծուի, այլեւ կրթական, մշայկութային եւ լեզուական»,- կ՛ըսէ Եգիպտահայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանը:

Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանը կը շեշտէ` եկեղեցին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ մշտապէս մեծ դերակատարութիւն ունեցած է` յատկապէս Սփիւռքի մէջ: Այսօր արդէն ոչ մեծ թիւ կազմող եգիպտահայերուն համար եկեղեցին կը շարունակէ մնալ հիմնական համախմբող առանցքը: Թեմի հոգեւոր առաջնորդը կ՛ըսէ` թէեւ կրօնական եւ ազգային տարբերութիւններուն, հայերը դարեր առաջ հաստատուած են Եգիպտոսի մէջ, կրցած են յարմարիլ երկրի պայմաններուն, իրենց գործն ու կեանքի յարմարութիւնները ստեղծել: Ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այսօր` որեւէ կրօնական, ազգային խտրականութիւն անոնց հանդէպ չկայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+