05 Aralık 2016
Աւստրիացիները երէկ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ` մասնակցելու համար նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին կրկնութեան, ուր իրարու դէմ կը պայքարին ծայրայեղ աջակողմեան Ազատութիւն կուսակցութեան թեկնածու Նորպերթ Հոֆներ եւ Կանաչներու կուսակցութեան ղեկավար Ալեքսանտըր Վան տեր Պելլըն:
Ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի ունեցած էր մայիս 2016-ին, սակայն Աւստրիոյ գերագոյն դատարանը թերութիւններու պատճառով զայն չեղեալ նկատած էր: Ըստ չեղեալ նկատուած արդիւնքին, քուէներու աննշան առաւելութեամբ մը Աւստրիոյ նախագահ ընտրուած էր Վան տեր Պելլընը:
Թէեւ Աւստրիոյ մէջ նախագահի պաշտօնը արարողակարգային է, քուէարկութիւնը քննութիւն մը կը նկատուի ճշդելու, թէ ամբոխավար թեկնածուները որքա՛ն լաւ արդիւնք պիտի արձանագրեն յառաջիկայ տարի Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ մէջ նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին:
Ընտրութեան արդիւնքը անակնկալի մատնեց շատերը: Ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան թեկնածու Նորպըրթ Հոֆըր պարտութեան մատնուեցաւ: Ան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ «անհունօրէն տխուր» է եւ իր մրցակից Ալեքսանտըր Վան տեր Պելլընի շնորհաւորեց:
Վերջինս ընտրութեան արդիւնքը կոչեց քուէ մը ի նպաստ «եւրոպամէտ, ազատութեան, հաւասարութեան ու միասնականութեան» վրայ հիմնուած Աւստրիոյ մը:
Ըստ նախնական տուեալներու, ան ապահոված է քուէներուն 53 առ հարիւրը, իսկ Հոֆըր` 46 առ հարիւրը: