05 Aralık 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Մեր հայրենիքը մէկ է: Ոչ ոք կրնայ զայն մասնատել, եւ բնական է, որ զայն պաշտպանելու համար զոհեր պիտի ունենանք»:
«Եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը որդեգրէ մահապատիժի օրէնքը, զայն պիտի վաւերացնեմ, որովհետեւ զոհերը իրաւունքներ ունին, իսկ զիս կը հետաքրքրէ միայն այն, թէ ժողովուրդն ու Աստուածս ի՞նչ կ՛ըսեն», նշեց Էրտողան:
Կեսարիոյ մէջ զարգացման նոր ծրագիրներու բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսաւ, որ 15 յուլիսին «բանակ ներթափանցածները փորձեցին մեզ ծունկի բերել», սակայն Աստուծոյ կամքով ձախողեցան