05 Aralık 2016
Երէկ երեկոյեան «Գանձասար»-ի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան «Ազդակ»-ին տեղեկացուց, որ սուրիական բանակին գործողութիւնները շատ արագ կ՛ընթանան Հալէպի մէջ, եւ անիկա օրական դրութեամբ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ: Ներկայ դրութեամբ բանակը իր հակակշիռին տակ առած է արեւելեան Հալէպի 70 առ հարիւրը: Կարեւոր նշանակութիւն ունի յատկապէս քաղաքի հիւսիսարեւելեան բաժինը, որուն ազատագրումով դէպի Հալէպի միջազգային օդակայան տանող մայր ճամբան զօրքին հակակշիռին տակ է: Երկու օրէ ի վեր Հալէպի քաղաքապետարանի ծառայողական պաշտօնեաները շատ աշխուժ թափով կը մաքրեն ազատագրուած տարածքներու ճամբաները, կը վերացնեն անցարգելները, աշխատանքի կը լծեն պետական ենթակառոյցները, որպէսզի ըստ կարելւոյն կեանքը բնականոն դառնայ: Դէպի Նոր Գիւղ տանող Սէյրաֆիի մայր ճամբան օրինակ 5 տարի փակ մնալէ ետք բացուեցաւ եւ ապահով յայտարարուեցաւ: Որոշ պողոտաներու մէջ երթեւեկութիւնը վերականգնեցաւ:
Ջուրի ընկերութիւնը եւս պետութեան հակակշիռին տակ ըլլալով բանիլ սկսաւ` յետ անհրաժեշտ նորոգութիւններու: Զինեալ խմբաւորումներ իրենց հակակշիռին տակ եղած շրջաններէն կը շարունակեն հրթիռակոծել որոշ թաղամասեր: Այնուամենայնիւ քաղաքի ապահովական վիճակը 80 առ հարիւրով բարելաւուեցաւ: