Սերժ Սարգսեան Էդուարդ Նալբանդեանի Հետ Քննարկած Է Նախարարութեան Գործունէութիւնը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

05 Aralık 2016  

Սերժ Սարգսեան Էդուարդ Նալբանդեանի Հետ Քննարկած Է Նախարարութեան Գործունէութիւնը -

Սերժ Սարգսեան Էդուարդ Նալբանդեանի Հետ Քննարկած Է Նախարարութեան Գործունէութիւնը Սերժ Սարգսեան Էդուարդ Նալբանդեանի Հետ Քննարկած Է Նախարարութեան Գործունէութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 2 դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին զեկուցած է միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Հայաստանի աշխուժ ներգրաւուածութեան ուղղութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքին, կատարուելիք աշխատանքներուն ու ձեռքբերումներուն, որոնց կարգին, այս օրերուն Ֆրանսախօսութեան 16-րդ վեհաժողովին տրուած որոշման համաձայն, Հայաստանի կողմէ միջազգային հեղինակաւոր այդ կազմակերպութեան նախագահութեան ստանձնումին, ինչպէս նաեւ վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութեան ամրագրման մասին:

Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, վեհաժողովը բարձրագոյն մակարդակով նախապատրաստելու եւ կայացնելու ուղղութեամբ Սերժ Սարգսեան շարք մը յանձնարարականներ տուած է Նալբանդեանին` ընդգծելով, որ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Հայաստանի աշխուժ ներգրաւուածութիւնը շատ կարեւոր է երկրի արտաքին յարաբերութիւնները արդիւնաւէտ կառուցելու համար:

Նալբանդեան զեկուցած է նաեւ յառաջիկային Հայաստանի մասնակցութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ տեղի ունենալիք շարք մը հանդիպումներուն, Վիեննայի մէջ հիւլէական անվտանգութեան նուիրուած արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, ՕԹԱՆ-ի շրջանակներուն մէջ արտաքին գործոց նախարարական «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան, Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք «Բաց կառավարման գործընկերութեան» վեհաժողովին, Համպուրկի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարական հանդիպման Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մասին:

Նախագահը նախարարին ուշադրութիւնը հրաւիրած է Փարիզի մէջ նախատեսուած դեսպաններու աւանդական հանդիպման դիւանագէտներուն տրուելիք յանձնարարականներուն վրայ` ուղղուած յատկապէս տնտեսութեան մարզին մէջ հետեւողական եւ աշխուժ աշխատանքին` նկատի առնելով կառավարութեան նոր ծրագիրը եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումները:

Սերժ Սարգսեան յանձնարարած է Էդուարդ Նալբանդեանին` յաջորդ դեսպանահաւաքը կայացնել Հայաստանի մէջ Հայաստանի բոլոր դեսպաններուն մասնակցութեամբ: Նախագահը նաեւ ներկայացուցած է իր մօտեցումները տնտեսական դիւանագիտութեան աշխուժացման վերաբերող աշխատանքին առնչութեամբ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+