05 Aralık 2016
Երկիր կը հաղորդէ, որ Արցախի տագնապի լուծման հարցը ներառուած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան նոր հայեցակարգի` «Շրջանային առաջնահերթութիւններ» բաժինին մէջ. այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հայեցակարգը վաւերացուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ: Անոր մէջ կը նշուի, որ առկայ բազմակողմանի բանակցային հոլովոյթի ծիրին մէջ Ռուսիա կը նպաստէ Արցախի հիմնահարցի լուծման` աշխատելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ միւս երկիրներուն հետ, այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնք տեղ գտած են Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կողմէ` 2009-2013 տարիներուն կատարուած միացեալ յայտարարութիւններուն մէջ: