Նոր Գիւղը Այսօր Ազատ Կը Շնչէ - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

01 Aralık 2016  

Նոր Գիւղը Այսօր Ազատ Կը Շնչէ -

Նոր Գիւղը Այսօր Ազատ Կը Շնչէ Նոր Գիւղը Այսօր Ազատ Կը Շնչէ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպը վերջին չորս տարիներու պատերազմին դառնագոյն հետեւանքները կրեց:

Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Հալէպ թափանցումով, քաղաքի բոլոր շրջանները ենթարկուեցան անխնայ հրթիռակոծումներու:

Ահաբեկիչներ, մարդասպանութիւնն ու քանդումը որպէս միջոց օգտագործելով՝ ո՛չ մարդոց կեանքը խնայեցին, ո՛չ անոնց բնակարանները, ո՛չ դպրոցները, ո՛չ հիւանդանոցները եւ ոչ ալ քաղաքացիներուն ապրուստի հիմնական ազդակները՝ աշխատավայրերն ու արհեստանոցները: Նպատակը մէկ էր՝ ամայացնել Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը, տարտղնել ու տարհանել անոր բնակչութիւնը, քանդել համակեցութեան եւ գործակցութեան տիրող դրական մթնոլորտը եւ, ինչու չէ, հագուրդ տալ դրացի երկրի ախորժակներուն ու Հալէպը վերածել թրքական նահանգի: Այլ կերպ կարելի չէր բացատրել Հալէպի կարգ մը գրաւուած շրջաններու մէջ թրքական լիրայի օգտագործման պարտադրումը, թրքական հաղորդակցական միջոցներու օգտագործումը ու Թուրքիոյ սահմանէն զինեալներու, զէնք ու զինամթերքի շարունակուող հոսքը:

Հակառակ այս բոլորին, Հալէպը մնաց Սուրիոյ ու սուրիացիին եւ ո՛չ թէ օտարին համար ապրող ու շնչող քաղաք:

Բացուող իւրաքանչիւր արշալոյսի հետ հալէպցին վերանորոգեց իր յոյսը, ու բազում տառապանքներ կրելով հանդերձ, քաղաքին ճակատագիրը չկապեց օտարին:

Հալէպաբնակ ժողովուրդին հայրենասիրութիւնն ու սուրիական բանակին վճռակամութիւնը Հալէպի ազատագրական մարտին գլխաւոր ազդակները հանդիսացան:

Վերջին շաբաթներուն, Հալէպի զինեալներուն ուղղուած սուրիական բանակին շարունակուող կոչերը կը նպատակադրէին խնայել արիւնահեղութիւնը, թափ տալ հաշտութեան գործընթացին՝ նուազագոյն վնասներով ազատագրելու Հալէպը եւ վերջ տալու փոխադարձ կրակոցներուն:

Զինեալներուն մէկ մասը անսաց կոչին, սակայն անոնցմէ շատեր մերժեցին հարցերու խաղաղ լուծման ուղին՝ մերթ որպէս վահան օգտագործելով իրենց գրաւած շրջաններէն ներս ապրող բնակչութիւնը, մերթ հրթիռակոծելով սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու խաղաղ բնակչութիւնը:

Ո՞վ օգտուեցաւ սակայն այս դաժան պատերազմէն… Պարզապէս՝ Սուրիան տկարացնել փորձող այն երկիրները, որոնք այնքան ալ հաշտ աչքով չէին դիտեր երկրէն ներս նախապատերազմեան տարիներուն արձանագրուող յառաջընթացը ու պատրաստ էին ամէն գնով զայն կասեցնել եւ երկրին բնական հարստութիւններէն ա-ռաւելագոյնս օգտուիլ:

Հալէպի աղէտին ազդեցութիւնը կրեց նաեւ հալէպահայութիւնը՝ ունենալով մարդկային, նիւթական եւ կալուածային բազում կորուստներ, նահատակներ, տարտղնուելով, բայց նաեւ դիմադրելով ու տոկալով:

Այցելեցէ՛ք Հալէպի նահատակներու շիրիմները ու այնտեղ պիտի կարդաք բազում հայ հերոսներու անուններ: Հերոսներ, որոնք հաւատացին Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի յաղթանակին: Հերոսներ, որոնք սուրիահայ գաղութի ինքնապաշտպանութեան նուիրեցին իրենց գարուն կեանքը:

Անոնք կը սպասէին յաղթանակի այս պահուն, բայց չտեսան գէթ Հալէպի մասնակի ազատագրումը: Չհամտեսեցին իրենց պայքարին պտուղը: Չտեսան Նոր Գիւղի վերականգնած խաղաղութիւնը:

Նոր Գիւղը այսօր ազատ կը շնչէ… Նոր Գիւղը կը գոյատեւէ շնորհիւ մեր հերոսներուն ու պիտի ծաղկի յանուն մեր նահատակներուն անժամանցելի պատգամներուն:

Անոնք նահատակուեցան յանուն սուրիահայութեան, որովհետեւ զայն անփոխարինելի արժէք համարեցին, իսկ անոր ինքնուրոյն դիմագիծին պահպանումը՝ համահայկական մարտահրաւէր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+