01 Aralık 2016
Շաբաթ, 26 Նոյեմբեր 2016-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հեռանկարներ» խորագիրով համաժողով:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան երիտասարդաց խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Անի Պալըխեան, որ նշեց, թէ վերջին տարիներուն արեւմտահայ մշակոյթը կրող սուրիահայերու Հայաստան գալով` ստեղծուած է «Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի զօրեղացման նպաստող առարկայական հարթակ»:
«Արեւմտահայերէնի լեզուական հայրենիքը պէտք է ըլլայ Հայաստանը, ուր անհնարին չէ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի օրինակով հիմնել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող ամէնօրեայ դպրոց, որ կրթական օճախ կը դառնայ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ բնակութիւն հաստատած սուրիահայութեան համար, ինչպէս նաեւ կ՛ոգեւորէ սփիւռքի երիտասարդութիւնը եւ ուսման նպատակով մայր հայրենիքի գիրկը կը վերադարձնէ բազմաթիւ սփիւռքահայ երիտասարդներ», ընդգծեց Պալըխեան:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ողջոյնի խօսքը ներկաներուն կարդաց նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Արթուր Ղազարեան, որ յայտնեց, թէ արեւմտահայերէնի տեղն ու դերը զգալիօրէն փոխուած են սուրիահայութեան Հայաստան հաստատուելով: Ղազարեան շեշտեց, որ գործնական քայլեր պէտք է որդեգրուին, ինչպէս` արեւմտահայերէնի ուսուցում դպրոցներէն ներս:
Ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակի փոխտնօրէն Յովիկ Էօրտեքեան:
Երկու նիստէ բաղկացած համաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան անուանի լեզուագէտներ, հայագէտներ, պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ազգագրագէտ, հայագէտ եւ հայերէնի ուսուցիչ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան ներկայացուց արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման հարցերը:
Դոկտ. Չոլաքեան յայտնեց, թէ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան, Խորհրդային Հայաստանէն ցայսօր Հայաստանի մէջ ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է արեւմտահայերէնի զարգացման ուղղութեամբ: Ան աւելցուց, որ նոյնքան կարեւոր է արեւելահայերէնի ինքնամաքրումը: Չոլաքեանի խօսքով, արեւմտահայուն մաքուր բառապաշարով արեւմտահայերէնը ծիծաղի առարկայ կը դառնայ երեւանեան շուկայի մէջ, եւ թէ` ան բժիշկներուն քով դժուարաւ կը բացատրէ իր անհանգստութիւնը, անգամ Հայաստանի մէջ տուն մը նորոգելու համար նախ պէտք է թարգմանիչ բերել:
ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան ներկայացուց «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի գիտահետազօտական դաշտի մէջ» խորագիրով զեկոյց:
«Արեւմտահայերէնը պետական լեզու է եւ պետական լեզուի բոլոր իրաւունքները պէտք է ունենայ: Եւ ամբողջ ազգով պէտք է մասնակից ըլլանք այդ գործին», հաղորդեց Կատուալեան:
Բանասէր Միհրան Մինասեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան առաջին քարտուղար Պետրոս Տեմիրճեան խօսեցան արեւմտահայերէնի դերի մասին` Հայաստանի գրահրատարակչական ոլորտէն ներս:
Տեմիրճեան դիտել տուաւ, որ արեւմտահայերէնի խնդիրը կրթութեան մէջ է, եւ անոր ուսուցումը պէտք է սկսի նախակրթարանէն, երկրորդականէն սկսիլը ուշ է:
Բանասէր Անի Զէյթունցեան եւ ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի ուսանող Աւետիս Աբոշեան ներկայացուցին հայոց լեզուի ճիւղաւորումը:
Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի հիմնադիր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուրէն Դանիելեան, որուն մենագրութիւնները 1992-էն ի վեր եղած են հայերէնի դասական ուղղագրութեամբ, խօսեցաւ Հայաստանի կրթական համակարգէն ներս արեւմտահայերէնի դերին մասին: Ըստ Դանիէլեանի, պէտք է ունենալ արեւմտահայ մշակոյթը կրող հաստատութիւններ Հայաստանի մէջ:
«Արեւելք» առցանց թերթի խմբագիր Սագօ Արեան անդրադարձաւ լրատուական դաշտէն ներս արեւմտահայերէնի դերին մասին, իսկ Վարդգէս Խախամեան, որ հայաստանեան ռատիոկայանի մէջ արեւմտահայերէնով հաղորդավարութեան անյաջող փորձառութիւն ունեցած է, զեկուցեց Հայաստանի հանրային հեռուստացոյցի եւ ձայնասփիւռի մէջ արեւմտահայերէնի դերին մասին:
ԵՊՀ հայոց լեզուի պատմութեան ամպիոնի վարիչ գիտութիւններու դոկտոր Ռուբէն Սագապետոյեան իր կարգին ներկայացուց ԵՊՀ-ի արեւմտահայերէնի դասաւանդումը: Սագապետոյեան խօսեցաւ իր անձնական փորձառութեան մասին: Ան Լիբանան ծնած է եւ երկու տարեկանին ընտանեօք Հայաստան տեղափոխուած է 40-ականներու հայրենադարձութեան ժամանակ: Սագապետոյեան յայտնեց, որ ինք արեւմտահայերէնի լեզուակիր ըլլալով, մեծ նպաստ կրցած է բերել արեւմտահայերէնի ակադեմական կարգավիճակին Հայաստանի մէջ:
«Արեւմտահայերէնը Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանի հարթակին վրայ» խորագիրով զեկոյց ներկայացուց թուանշային գրադարանի գիտական ղեկավար Մերուժան Կարապետեան, որ կարեւոր նկատեց համացանցին ընձեռած լայն հնարաւորութիւնները` շեշտելով, որ հայերս համացանցային կարելիութիւնները պէտք եղածին պէս չենք օգտագործեր: Կարապետեան ցուցադրեց նմուշ մը www.digilib.am կայքի էջերէն:
«Արեւմտահայերէնի համացանցային ուսուցումը ՀԲԸՄ-ի համացանցային համալսարանի ծրագիրով» խորագիրով զեկոյց ներկայացուց Զեփիւռ Ղպլիկեան-Թամերեան, իսկ Վիքիպետիա (Wikipedia) ազատ հանրագիտարանի արեւմտահայերէնի բաժինը ներկայացուց Ազնիւ Ստեփանեան:
«ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի երիտասարդաց խորհուրդի անդամներ Տիգրան Գափոյեան եւ Աւետիս Աբոշեան վարեցին համաժողովին նիստերը` ներկաներուն առիթ տալով, որ հարցումներ ուղղեն զեկուցողներուն եւ իրենց կարծիքները յայտնեն:
Հանդիսատեսներուն եւ զեկուցողներուն միջեւ քննարկումներէն պակաս չէին զգացական արտայայտութիւնները:
Ընդհանուր առմամբ, ներկաներու արտայայտութիւններուն եզրակացութիւնը այն էր, որ Հայաստանի պետութիւնը պէտք է աւելի ջանք թափէ եւ աւելի ռազմավարական մօտեցում ունենայ ազգային ինքնութեան վերաբերող լեզուական այս խնդիրին` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի պետական լեզուն, ըստ սահմանադրութեան, հայերէնն է, եւ ոչ` արեւելահայերէնը:
Համաժողովի աւարտին «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան գործադիր մարմինի ներկայացուցիչ Անի Զէյթունցեան ներկայացուց համաժողովի ընթացքին արծարծուած խնդիրներու եւ առաջարկներու հիման վրայ կազմուած բանաձեւ, ուր մասնաւորապէս կ՛առաջարկուի արեւմտահայերէնի ուսուցումը ներառել հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու ծրագիրներուն մէջ, բարձրագոյն հաստատութիւններէն ներս խրախուսել արեւմտահայերէնով աւարտաճառերու ընդունումը:
«ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնը այս ձեռնարկով իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց համագործակցելու հայաստանեան համապատասխան պետական եւ անձնական կառոյցներու հետ` ի նպաստ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման: