Ակնարկ. Հալէպի Մէջ Արձանագրուող Տեղաշարժին Քաղաքական Բաժինը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

01 Aralık 2016  

Ակնարկ. Հալէպի Մէջ Արձանագրուող Տեղաշարժին Քաղաքական Բաժինը -

Ակնարկ. Հալէպի Մէջ Արձանագրուող Տեղաշարժին Քաղաքական Բաժինը Ակնարկ. Հալէպի Մէջ Արձանագրուող Տեղաշարժին Քաղաքական Բաժինը

Հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հալէպի շուրջ ընթացող մարտերուն կ՛արձանագրուին գետնի վրայ նկատելի տեղաշարժեր։ Կառավարական ուժերը կ՛արձանագրեն յստակ առաւելութիւն եւ իրենց վերահսկողութեան տակ կ՛առնեն Հալէպի այն շրջանները, որոնք կը գտնուէին առաւելաբար կրօնական անուան տակ կռուող տարբեր, բազմատեսակ զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ։

Մինչ այս արձանագրուած տեղաշարժը, թէժ մարտերը, ռուսական կործանիչներու աշխուժ ներգրաւումը եւ կառավարական ուժերու թափանցման փորձերը չէին յաջողեր գետնի վրայ դիրքերու գրաւման տեղաշարժեր ապահովել։ Հայկական թաղամասերէն որոշ հատուածներ կը գտնուէին շփման գիծերու անմիջական շրջակայքը, եւ այդ սահմանագիծը փաստօրէն կը մնար անշարժ՝ երկկողմանիօրէն քարացած պահելով նաեւ զինուորական դիրքերը։

Հիմա փոխուած է կացութիւնը.աւելի ճիշդը փոփոխութեան ընթացք մը ծայր առած է, որ զինուորական բացատրութեան առընթեր ունի նաեւ իր քաղաքական տրամաբանութիւնը։ Սուրիական կառավարական ուժեր-Իրանի զինուորական ներկայութիւն, գումարած լիբանանեան Հըզպալլայի ցուցական մասնակցութիւն եւ այս բոլորին վրայ աւելցող ռուսական կործանիչներ ամիսներ շարունակ Հալէպի պարագային չէին կրցած գետնի վրայ տեղաշարժ ապահովել մինչեւ օրեր առաջ արձանագրուածը։

Զինուորական ուժերու այս հանրագումարային պատկերը տրամաբանօրէն պիտի յաջողէր նահանջի մատնել ահաբեկչական խմբաւորումները, եւ անոնց հետ նաեւ երկրորդ գիծի վրայ կռուող հակակառավարական ուժերը, ճանչցուած՝ «ընդդիմադիր ուժեր» տարազով։

Ուղղակի-անուղղակի հովանաւորչութիւն, աջակցութիւն եւ պաշտպանութիւն գոյութիւն ունէր փաստօրէն զինեալ խմբաւորումներուն։ Այն երկուութիւնը, թէ զինեալ խմբաւորումները չէզոքացնելով նպաստած պիտի ըլլային Սուրիոյ նախագահով մարմնաւորուած վարչակարգին, պատճառ էր հիմնական քաղաքական համաձայնութիւներու ուշացման, ձգձգման եւ անոր առընթեր զինուորական գործողութիւններու սահմանափակման։

Միայն որոշ ժամանակի համար կայացած քաղաքական համաձայնութիւն մը գերտէրութիւններու միջեւ կրնար յանգիլ տեղաշարժային այս արդիւնքին։ Այլապէս, նախորդ ամիսներուն վրայ երկարող սթաթիւս քոն (գոյավիճակը) կամ գրաւում-նահանջ պարանաձգութիւնը պիտի շարունակուէր։

Երեւոյթները մտածել կու տան, որ իրար հակակշռող զսպիչ գօտիներու ընդհանուր դաշտին մէջ կ՛արձանագրուէին զինուորաքաղաքական գործողութիւները եւ ընդհանուր միջգերտէրութենական վերահսկողութիւնը կը պահպանուէր։ Այս տեղաշարժը կը նախանշէ բարձր մակարդակի վրայ համաձայնեցուած վերահսկողութեան տակ ռուս-իրանեան դաշինքի զինուորաքաղաքական գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը։ Եւ այնպէս չէ, որ միայն ռուս-թրքական կարճաժամկէտ մերձեցման արդիւնքն է, որ Անգարան աւելի կրաւորական դիտեց ռուսական կործանիչներու կամ իրանեան ռազմական միջամտութիւներուն հետեւանքով Հալէպի որոշ հատուածի ազատագրումը ահաբեկչական խմբաւորումներէն։ Առանց Ուաշինկթընի լուռ համաձայնութեան դժուար թէ իրականանար տեղաշարժը, կամ Հալէպի ռազմավարական հատուածին ռուս-իրանեան գործօնի ճամբով կառավարական ուժերուն վերահսկողութեան տակ առնուիլը։

Ինչ կը վերաբերի ռուս-թուրք կարճաժամկէտ մերձեցման, ապա գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ արդէն իսկ կ՛երեւի սուր հակասութիւն։ Թուրքիոյ նախագահը սուրիական պատերազմին իր ներկայութիւնը կը պայմանաւորէ Ասատի վարչակարգի հեռացման նպատակով։ Բնական է նաեւ, որ դէպի Մոսկուա շրջադարձ կատարած, ներողութիւն խնդրած-չխնդրած, Սոչիի մէջ ռուսական ձայները շատ արագ լսող Անգարան այս բոլորը նաեւ կը գործադրէր սպառնական ուղերձներ ուղղելու համար ընդհանրապէս Արեւմուտքին։ Հիմա նաեւ Հալէպի ազաագրումը կրաւորական դիտող Անգարան ներգործօն դեր կը փորձէ ստանձնել այս անգամ Դամասկոսի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու Արեւմուտքի պահանջը իր սեփականը նկատելով։

Անգարայի այս խաղերը արդիւնաւորուելու շատ տեղ չունին փաստօրէն։ Անգարան ինքը յայտնուած է այլեւս այլոց խաղի կանոններուն հետեւելու, իբրեւ խաղաթուղթ օգտագործուելու տուեալ պահուն զինուորաքաղաքական գործողութիւն իրականացնելու համար։ Մնացեալը զուտ յայտարարողական սպառնական ուղերձներ են, որոնք առարկայացում չեն գտներ յաճախ։

Իսկ թե ի՛նչ պատճառով ի յայտ եկաւ ամերկիեան կողմի այս «կրաւորական» կեցուածքը, թերեւս նոյնպես լայն անդրադարձի նիւթ է: Կարելի է այս երեւոյթը կապել նոր նախագահի ընտրութեան հետ: Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ նորընտիր նախագահ Թրամփի արտայայտութիւններուն արդէն ծանօթ ենք: Եւ գուցէ Սուրիոյ մէջ դրսեւորած դիրքորոշման փոփոխութեան մէջ արտայայտուիլ սկսած է ամերիկեան նոր քաղաքականութիւնը: Շատ ժամանակ չէ մնացած այս ենթադրութեան ճիշդ կամ սխալ ըլլալու ուղղութեամբ համոզուելու համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+