Մերքել Դէմ Արտայայտուած Է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւններ Սկսելուն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

01 Aralık 2016  

Մերքել Դէմ Արտայայտուած Է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւններ Սկսելուն -

Մերքել Դէմ Արտայայտուած Է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւններ Սկսելուն Մերքել Դէմ Արտայայտուած Է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւններ Սկսելուն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր ղեկավարած Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ դէմ է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ այդ երկրին հետ նոր բանակցութիւններ սկսելուն:

Գործակալութիւնը յղում կատարած է գերմանական «Պիլտ» օրաթերթի տեղեկատուութեան: Օրաթերթը, վկայակոչելով կուսակցական վերոնշեալ ժողովին ներկայ գտնուած աղբիւրներ, կը նշէ, որ ատիկա կը նշանակէ, թէ քննարկումները փաստօրէն աւարտած են:

Միւս կողմէ, «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Մերքել Մալթայի վարչապետին հետ Պերլինի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յորդորած է կատարել այն պարտաւորութիւնները, որոնք ստանձնած է Եւրոպական Միութեան հետ գաղթականներու վերաբերեալ համաձայնագիրի կնքումէն ետք:

Մալթայի վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք Պերլինի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մերքել յայտնած է, որ գաղթականներու հարցով համաձայնագիրը կարեւոր է բոլոր կողմերուն համար: Ան յոյս յայտնած է, որ Թուրքիան ալ Եւրոպայի նման համաձայնագիրի վստահելի գործընկեր է:

Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցային հոլովոյթը սառեցնելու մասին առաջարկը: Առաջարկի ընդունումէն ետք Թուրքիոյ նախագահը սպառնացած է չեղեալ նկատել Եւրոպական Միութեան հետ կնքած համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրին հիմամբ` Թուրքիան պէտք է վերընդունի իր տարածքով Յունաստան անցած գաղթականները: Փոխարէնը Եւրոպական Միութիւնը խոստացած էր մուտքի արտօնագիրի ազատականացում Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+