Քրեմլին Ասատը Տապալելու Էրտողանի Յայտարարութեան Առնչութեամբ Բացատրութիւն Կը Սպասէ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

01 Aralık 2016  

Քրեմլին Ասատը Տապալելու Էրտողանի Յայտարարութեան Առնչութեամբ Բացատրութիւն Կը Սպասէ -

Քրեմլին Ասատը Տապալելու Էրտողանի Յայտարարութեան Առնչութեամբ Բացատրութիւն Կը Սպասէ Քրեմլին Ասատը Տապալելու Էրտողանի Յայտարարութեան Առնչութեամբ Բացատրութիւն Կը Սպասէ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերը չեն համընկնիր Սուրիոյ տագնապի լուծման առնչութեամբ Մոսկուայի դիրքորոշման հետ:

Քրեմլին յոյսով են, որ Անգարա բացատրութիւններ պիտի տրամադրէ այդ առնչութեամբ:

«Էրտողանի յայտարարութիւնը իսկապէս նորութիւն էր: Ատիկա շատ լուրջ յայտարարութիւն է: Յայտարարութիւն, որ ընդհանուր առմամբ կը հակասէ նախորդ յայտարարութիւններուն, եւ յայտարարութիւն, որ կը հակասէ իրավիճակի մեր ընկալումին` իբրեւ պետութեան, որուն զինեալ ուժերը միակն են, որ օրինական կերպով կը գտնուին Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան տարածքին մէջ` համաձայն իշխանութիւններու դիմումին. ատիկա շատ կարեւոր է յիշել», յայտարարած է Փեսքով` մեկնաբանելով Էրտողանի յայտարարութիւնները:

Քրեմլինի ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ Էրտողանի խօսքերուն հաւանական ազդեցութեան մասին:

«Այդ յայտարարութիւնը նորութիւն է: Այդ պատճառով եզրակացութիւններ ընելէ առաջ մենք դիրքորոշման պարզաբանման յոյս ունինք», աւելցուցած է Փեսքով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նախապէս նշած էր, որ սուրիական հարցին մէջ Մոսկուան կը հիմնուի Թուրքիոյ հետ իր ունեցած համաձայնութիւններուն վրայ:

Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով իր կարգին յայտարարեց, որ Էրտողանի յայտարարութիւնները կը հակասեն Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութիւններուն:

Էրտողան յայտարարած էր, որ Թուրքիա Սուրիա մուտք գործած է Ասատի իշխանութեան վերջ տալու համար: «Սուրիոյ մէջ մահերը կը շարունակուին, ՄԱԿ-ը ի՞նչ կ՛ընէ: Իրաքի մէջ ներկա՞յ է, դարձեալ ներկայ չէ: Մենք ըսինք` համբերութիւն, համբերութիւն, համբերութիւն… Եւ, ի վերջոյ, չդիմացանք եւ ստիպուած եղանք մուտք գործել Սուրիա` Սուրիական ազատ բանակին օգնութեամբ: Ինչո՞ւ մտանք: Մենք Սուրիոյ հողերուն վրայ աչք չունինք: Խնդիրը հողը իրական տէրերուն վերադարձնելն է: Այսինքն` մենք այնտեղ ենք արդարութեան վերականգնումին համար: Պետական ահաբեկչութիւն իրականացնող Ասատի իշխանութեան վերջ տալու համար մտած ենք Սուրիա, ուրիշ ոչինչ», յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+