01 Aralık 2016
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Պէյրութ-Դամասկոս միջազգային մայրուղիին վրայ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց սուրիական զինուորական կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի համար զէնք ու զինամթերք փոխադրող շարասիւն մը:
Այս մասին սուրիական ՍԱՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակին արձանագրած նուաճումները հակակշռելու եւ յուսալքուած ահաբեկչական խմբաւորումներուն տրամադրութիւնը բարձրացնելու նպատակով` իսրայէլեան օդուժը առաւօտեան լիբանանեան օդային տարածքէն երկու հրթիռ արձակած է:
Հրթիռները ինկած են արեւմտեան Դամասկոսի Սապուրա գիւղական շրջանին մէջ` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու: