30 Kasım 2016
Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական զինեալ ուժերը Սուրիա մուտք գործած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմը տապալելու նպատակով:
«Սուրիոյ մէջ մահերը կը շարունակուին, ՄԱԿ-ը ի՞նչ կ՛ընէ: Իրաքի մէջ ներկա՞յ է, դարձեալ ներկայ չէ: Մենք ըսինք` համբերութիւն, համբերութիւն, համբերութիւն… Եւ, ի վերջոյ, չդիմացանք եւ ստիպուած եղանք մուտք գործել Սուրիա` Սուրիական ազատ բանակի օգնութեամբ: Ինչո՞ւ մտանք: Մենք Սուրիոյ հողերուն վրայ աչք չունինք: Խնդիրը հողը իրական տէրերուն վերադարձնելն է: Այսինքն` մենք այնտեղ ենք արդարութեան վերականգնման համար: Պետական ահաբեկչութիւն իրականացնող Ասատի իշխանութեան վերջ տալու համար մտած ենք Սուրիա, ուրիշ ոչինչ», յայտարարած է Էրտողան: