30 Kasım 2016
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ երէկ յայտարարած է, որ Ֆրանսա կը պահանջէ անյապաղ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ գումարել` Հալէպի կացութիւնը քննարկելու համար:
Ան ընդգծած է, որ Ապահովութեան խորհուրդի խորհրդակցութիւնը անհրաժեշտ է կատարել «անյապաղ, որպէսզի ուսումնասիրուի այդ տառապեալ քաղաքին կացութիւնը, եւ քննարկուին անոր բնակչութեան օգնութիւն հասցնելու միջոցները»:
«Այժմ աւելի քան երբեւիցէ անհրաժեշտ է հասնիլ մարտական գործողութիւններու դադրեցման եւ ապահովել մարդասիրական օգնութեան անարգել ցուցաբերումը Հալէպի մէջ», նշուած է Էյրոյի յայտարարութեան մէջ:
Նախապէս ան խիստ մտահոգութիւն յայտնած էր Հալէպի կացութեան առնչութեամբ` նշելով «վարչակարգին եւ անոր դաշնակիցներուն զանգուածային յարձակումը»: «Վերջին ժամերուն բռնութիւնները յանգեցուցած են զգալի թիւով քաղաքային անձերու զոհուելուն եւ հարկադրած հազարաւոր բնակիչներու` փախչիլ քաղաքէն», յայտարարած էր Էյրօ:
Սուրիոյ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնը յայտնած էր, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը արեւելեան Հալէպի մէջ մէկ օրուան մէջ զինեալ ընդդիմութենէն ազատագրած են 14 թաղամասեր: Ըստ այդ կեդրոնին, զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն դուրս եկած են աւելի քան 8500 հազար խաղաղ բնակիչներ: «Կառավարական զօրքերը գիշերուան ընթացքին շարունակած են յարձակողական գործողութիւնները արեւելեան Հալէպի` աւազակային խմբաւորումներու կողմէ գրաւուած շրջաններուն մէջ: Անցեալ օր ահաբեկիչներէն ամբողջովին ազատագրուած են արեւելեան Հալէպի 14 թաղամասեր (շուրջ 300 հազար բնակելի շինութիւններ)», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ ընդգծուած է, որ զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն դուրս եկած են աւելի քան 8500 հազար խաղաղ բնակիչներ, անոնցմէ շուրջ 4 հազարը` երեխաներ:
Մէկ օրուան ընթացքին 140 զինեալներ դադրեցուցած են դիմադրութիւնը եւ հեռացած տրամադրուած միջանցքներու ճամբով: