30 Kasım 2016
2015 Նոյեմբեր 24-ին կը նշենք ծնունդը սփիւռքահայ առաջին սերունդի երախտաշատ ներկայացուցիչներէն Մինաս Թէօլէօլեանի, որ իր գրականագիտական ժառանգութեամբ, խմբագրական վաստակով եւ մանկավարժական ծառայութեամբ, աւելի քան վեց տասնամեակ հոգեմտաւոր սնունդ հասցուց տարագիր հայութեան ցիրուցան զաւակներուն, աշխարհի չորս ծագերուն:
Մինաս Թէօլէօլեան կը հանդիսանայ, միաժամանա՛կ, թէ՛ համայնագիտական պաշարով օժտուած գրականագէտ ու քննադատ, թէ՛ հայ մտքի գաղափարական արժէքներուն անկաշառ պահապան ու հաւատաւոր քարոզիչ, թէ՛ օտար ափերու վրայ կազմաւորուող սերունդներուն հայեցի նկարագիր ու ազգային հպարտութիւն ջամբող անձնուէր ուսուցիչ:
Իր սերունդի մեծավաստակ արժանաւորներուն պէս, Մինաս Թէօլէօլեան մարմնաւորեց յատկապէս սփիւռքին բնորոշ հայ մտաւորականի այն կերպարը, որուն մէջ լիարժէք ներկայացուած ու համադրուած են, այլեւ ինքնատիպ ու ճառագայթող` միաձոյլ անհատականութիւն դարձած են` հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչը, հայ մշակոյթի ջահակիր գրագէտը եւ ազգային-կուսակցական հաւատաւոր գործիչը:
Շուրջ քսան տարի է արդէն, որ սփիւռքահայ ու մանաւանդ դաշնակցական մամուլի հաւատարիմ ու տարեց ընթերցողները զրկուած են Մինաս Թէօլէօլեանի ամէնօրեայ շունչէն` խօսքէն ու պատգամէն, որոնք տարբեր գրչանուններով ստորագրուած իր խմբագրականներուն, ակնարկներուն եւ յօդուածներուն միջոցով ուղղակի կը խօսին միտքին ու սիրտին աշխարհի տարածքին սփռուած հայ մարդոց:
Թէօլէօլեան ստեղծեց հրապարակագրական իր դպրոցը, որուն լեզուն պարզ է ու անսեթեւեթ, ոճը` ջղուտ ու խոհական, մտածելակերպով` ինքնաքննադատութեան եւ քննադատութեան ուժգնօրէն փարած: Ան կը մարմնաւորէ հայ կեանքէն ներս եղածով բնաւ չբաւարարուող, միշտ աւելի լաւին եւ կատարեալին ձգտող, այլեւ հայոց նորահաս սերունդներուն միշտ հաւատքով նայող, սպասող, քաջալերող եւ լաւատեսութիւն ներշնչող անձնդիր մշակը:
Թէօլէօլեան ծնած է Պարտիզակ, 1913 նոյեմբեր 24-ին:
Մեծ եղեռնի օրերուն Թէօլէօլեան ընտանիքին մեծ մասը աքսորուեցաւ Գոնիա: Հազիւ 2 տարեկան էր Մինաս, երբ պարագաներու բերմամբ, ծնողքէն բաժնուած, ան մնաց իր հօրեղբայրներուն եւ հօրաքրոջ հոգածութեան տակ` Զմիւռնիա:
1922-ին, Զմիւռնիոյ ջարդերէն ետք, պատանի Մինասը ղրկուեցաւ Պոլիս, ուր յաճախեց Մխիթարեաններու լիսէն: Մխիթարեաններուն մօտ աշակերտութեան շրջանին էր, որ 13 տարեկանին Թէօլէօլեան գրեց իր առաջին ոտանաւորը: Իսկ հազիւ 17 տարիքը թեւակոխած` ընկերոջ մը հետ Թէօլէօլեան սկսաւ հրատարակել «Արձան» գեղարուեստական պարբերաթերթը:
1933-ին աւարտեց Մխիթարեաններուն վարժարանը եւ ներկայացուց աւարտաճառ մը` Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեան մասին:
Զօրակոչուեցաւ թրքական բանակ եւ զինուորական ծանր ծառայութիւնը կատարելէ ետք, Թէօլէօլեան ուսուցչական աշխատանքի կոչուեցաւ Մխիթարեաններուն մօտ` հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար:
1937-ին սփիւռքահայ մամուլին արդէն աշխատակից` Մինաս Թէօլէօլեան ստիպուեցաւ հեռանալ Թուրքիայէն, որովհետեւ իր դէմ սկսան ոստիկանական հետապնդումներ, նաեւ` դատական հարցաքննութիւններ, Ֆրանսայի եւ Մ. Նահանգներու դաշնակցական թերթերուն` «Յառաջ»-ին եւ «Հայրենիք»-ին հետ իր ունեցած կապերուն եւ աշխատակցութեան համար:
Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ Պուլկարիոյ մէջ: Տարի մըն ալ դասաւանդեց Ռումանիոյ հայկական վարժարաններուն մէջ: Բայց 1939-ի վերջերուն վերադարձաւ Պոլիս, ուր կանոնաւոր աշխատակիցը դարձաւ պոլսահայ թերթերուն եւ մնաց մինչեւ 1944, երբ ազգային-քաղաքական ու գաղափարական իր հրապարակումներուն համար դարձեալ հետապնդումի ենթակայ դարձաւ: Այս անգամ վերջնականապէս հեռացաւ Թուրքիայէն եւ հաստատուեցաւ Սուրիա:
Նոյն տարին իսկ, Հալէպի մէջ, Մինաս Թէօլէօլեան պաշտօնապէս միացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն: Ուսուցչութեան կոչուեցաւ Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ` միաժամանակ վարելով ՀՅԴ Սուրիոյ պաշտօնաթերթ «Արեւելք»-ի խմբագրութիւնը: Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ եւ հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա. Փայասլեանի եւ ՀՅԴ ղեկավար գործիչ ու պետական երեսփոխան Հրաչ Փափազեանի առաջարկով Թէօլէօլեան 1948-ին նշանակուեցաւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի առաջին տնօրէն եւ այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 1956:
1956-ին քաղաքական պատճառներով արտաքսուեցաւ Սուրիայէն եւ հաստատուեցաւ Գահիրէ, ուր Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք մէկ տարի ստանձնեց ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»-ի խմբագիրի պաշտօնը: 1957-ին հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր երեք տարի վարեց Ազգ. Ս. Նշան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այս շրջանին կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ ինչպէս Լիբանանի «Ազդակ», նոյնպէս եւ Փարիզի «Յառաջ» դաշնակցական թերթերուն:
1960-ին, կուսակցական գործիչի առաքելութեամբ, Մինաս Թէօլէօլեան գործուղուեցաւ ու հաստատուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: 1962-էն սկսեալ մինչեւ 1979 վարեց «Հայրենիք»-ի խմբագրի պաշտօնը` միաժամանակ մաս կազմելով «Հայրենիք» գրական ամսագրի խմբագրութեան: Այնուհետեւ, խմբագրի պաշտօնէն հանգստեան կոչուելով հանդերձ, Թէօլէօլեան մինչեւ իր վերջին շունչը կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք»-ին ու Քալիֆորնիոյ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին:
Հրապարակագրական իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին Մինաս Թէօլէօլեան կանոնաւոր աշխատակիցը եղաւ յատկապէս ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին` 1969-ին Պէյրութի մէջ իբրեւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անոր վերահրատարակութեան առաջին օրերէն մինչեւ, 1986-էն սկսեալ, Աթէնքի մէջ ուղղակի «Դրօշակ» անունով անոր հրատարակութեան շրջանին:
Մինաս Թէօլէօլեան Դաշնակցութեան գաղափարական պատնէշին վրայ արթուն պահակի իր առաքելութեան տէր կանգնեցաւ մինչեւ վերջ, մինչեւ 18 մարտ 1997, երբ առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի անկորնչելի արժէքներուն վրայ միշտ սեւեռուն պահած իր հայեացքը:
Մինաս Թէօլէօլեանի յիշատակը վառ կը մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք առաջնորդուեցան գաղափարի մարտիկի անոր մարտունակ շունչով` սփիւռքահայ կեանքի պատմակշիռ վերիվայրումներու գլխաւոր հանգրուաններուն: Թէօլէօլեան գլխաւոր բանբերներէն մէկը եղաւ Դաշնակցութեան գաղափարական պայքարին` ընդդէմ սփիւռքը քրեմլեան քաղաքականութեան հլու-հնազանդ լծակին վերածելու խորհրդայիններու փորձերուն:
– Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք խորհրդայիններու նախաձեռնած ներգաղթին մութ ծալքերը եւ պառակտիչ սադրանքները մերկացնող գլխաւոր հրապարակախօսներէն եղաւ Թէօլէօլեան:
– 1956-էն սկսեալ, երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խորհրդային հակակշռի տակ առնելու պառակտիչ փորձը կատարուեցաւ, Թէօլէօլեան ոչ միայն Անթիլիասի եւ այդ ճամբով սփիւռքի անկախութիւնը պահպանելու ՀՅԴ գաղափարական պայքարին դրօշակիրներէն եղաւ, այլեւ պատմաքաղաքական լուսարձակի տակ առաւ Հայ եկեղեցւոյ ազգային ու ժողովրդային նկարագիրը պահպանելու եւ արմատաւորելու մեծ օրակարգը` յատուկ աշխատասիրութիւն մը նուիրելով համազգային կարեւորութեամբ հարցին:
– Հայկական սփիւռքի քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման տասնամեակներուն, 1970-էն սկսեալ, Թէօլէօլեան նորահաս սերունդին պահանջատիրական ոգեւորութիւն ներշնչող եւ երկարաշունչ պայքարի կամք ու յանդգնութիւն ուսուցանող գաղափարախօսը եղաւ:
Մինաս Թէօլէօլեանի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած այս վկայութիւնը անկասկած թերի պիտի ըլլայ, եթէ ըստ արժանւոյն լուսարձակի տակ չբերուի անոր գրականագիտական եւ քննադատական մեծարժէք վաստակը:
Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն – 1850-1950» երկհատորեակը նաեւ այս օրերուն կը հանդիսանայ հայ գրականութիւն ջամբող որեւէ դասագրքի անբաժան ընկերակիցը եւ լրացուցիչը: Թէօլէօլեան իր ընդգրկած ժամանակաշրջանի հայ գրականութեան կապուած բոլոր հարցերուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ գրողի մասին, կը փոխանցէ խօսք եւ խորհուրդ, որոնք հիմնական նշանակութիւն կը ներկայացնեն նորահաս սերունդին հայեցի լիարժէք կազմաւորման համար:
Վերջապէս, հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներու ողջ գանձարանը ամէնօրեայ ներշնչման եւ հաղորդութեան աղբիւր դարձնելու առաջադրանքով, Մ. Թէօլէօլեան «Հայրենիք»-ի էջերուն տարիներով պահեց իր «Երբ ետ կը նայինք» վերտառութեամբ սիւնակը, որպէսզի ամէն օր թերթի ընթերցողին հասցնէ առօրեայէն անդին անցնող եւ վեր բարձրացող արժէքներու «հանապազօրեայ հաց»-ը:
Սփիւռքահայ եւ յատկապէս դաշնակցական մամուլի դպրոցին մէջ կազմաւորուած հայոց սերունդներուն համար ներշնչման անխառն աղբիւր մը կը հանդիսանայ Մինաս Թէօլէօլեանի գրականագիտական եւ հրապարակագրական ժառանգութիւնը: