Պապի Մէջ Դարձեալ Թուրք Զինուոր Մը Սպաննուած Է - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

26 Kasım 2016  

Պապի Մէջ Դարձեալ Թուրք Զինուոր Մը Սպաննուած Է -

Պապի Մէջ Դարձեալ Թուրք Զինուոր Մը Սպաննուած Է Պապի Մէջ Դարձեալ Թուրք Զինուոր Մը Սպաննուած Է

Թրքական բանակը Սուրիոյ Պապ քաղաքի շրջանին մէջ երէկ դարձեալ կորուստ ունեցաւ:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին թուրք զինուոր մը եւս սպաննուած է եւ 5 ուրիշներ` վիրաւորուած:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ թրքական բանակին միջեւ բախումներու պատճառով վնասուած է նաեւ թրքական բանակին պատկանող քանի մը զրահապատ մեքենայ:

Թրքական բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, որ իր օդուժին պատկանող ռմբաձիգներ հարուածած են Պապի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:

Մէկ օր առաջ Պապի շրջանին մէջ յարձակումի մը ընթացքին 5 թուրք զինուորներ սպաննուած էին եւ 16 ուրիշներ` վիրաւորուած:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած էր, որ այդ յարձակումը գործուած է սուրիական բանակին կողմէ:

Մինչդեռ Լոնտոնի մէջ տեղակայուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի ղեկավար Ռամի Ապտուլ Ռահման «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է, որ Պապի մօտ գտնուող Ուաքքա շրջանին մէջ տեղի ունեցած այդ յարձակումը գործած է ՏԱՀԵՇ-ը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+