25 Kasım 2016
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ հեռուստամարաթօնին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, որ «Հեռուստամարաթոն 2016»-ին ընդառաջ, այս օրերուն կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Պարգեւ Սրբազանի խօսքով, հեռուստամարաթօնին հասոյթը պիտի ուղղուի մասնաւորապէս երեք ծրագիրներու. «Առաջինը՝ պէտք է վերացնել այն աւերածութիւնները, որ ի յայտ եկած են ապրիլեան պատերազմի հրետակոծութիւններուն հետեւանքով: Երկրորդը` պիտի շարունակենք բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանային խնդիրի լուծման ծրագիրը, եւ յաջորդ կարեւոր խնդիրը՝ քաղաքացիական պաշտպանութեան պատշաճ կազմակերպումն է»:
Արցախի մէջ անվտանգութեան խնդիրը, ըստ Պարգեւ Սրբազանի, կը շարունակէ առաջնահերթ մնալ եւ համահայկական ջանքերով՝ բոլոր համայնքներուն մէջ՝ մենք պարտաւոր ենք կառուցել անհրաժեշտ կահաւորուածութիւն ունեցող ապաստարաններ:
Պարգեւ Սրբազան նաեւ նշեց, որ արցախցիները ամուր կանգնած են իրենց հողին եւ ոչ ոք կը պատրաստուի լքելու զայն: