25 Kasım 2016
«Թերթ.ամ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, խորհրդարան վերադարձի իր առաջին օրն իսկ` 23 նոյեմբերին, գրաւոր պահանջ ներկայացուցած է վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին, հետախուզելու համար երկրի կրօնական փոքրամասնութիւններուն ուղղուած եւ վերջերս զգալիօրէն բազմացած ցեղապաշտական բնոյթի սպառնալիքներն ու անոնց ետին կանգնած ազգայնամոլներու գործունէութիւնը:
Պոլսոյ «Ակօս» թերթը կը գրէ, թէ Փայլան նշած է, որ անցեալ տարուան ապրիլ 24-ին Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի խմբագրութեան շէնքի մուտքին սեւ ծաղկեպսակներ զետեղած ու ցեղապաշտական նշաններ կատարած թուրք ազգայնամոլները վերջերս անպարտ արձակուած էին թրքական ատեանի մը կողմէ: Ազգայնամոլները «Ակօս»-ի շէնքին դիմաց յայտարարութիւն մը կատարած էին եւ իրենց արարքը արձանագրած ու տեղադրած էին համացանցային կայքերու վրայ` սպառնալով. «Գիշեր մը, առանց նախազգուշացնելու, «Ակօս»-ի մէջ պիտի յայտնուինք»:
Փայլան աւելցուցած է, որ անցեալ շաբաթ, Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի պատին վրայ եւս գրուած էր վերեւը նշուած սպառնալիքը յիշեցնող այլ սպառնալիք մը` «Գիշեր մը յանկարծակիօրէն պիտի յայտնուինք Ղարաբաղի մէջ» գրութեամբ:
Ամիսներ առաջ թուրք ազգայնամոլները նմանատիպ սպառնալիքներ գրած էին նաեւ Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքի եւ Գալֆայեան վարժարանի պատերուն վրայ:
Փայլան յիշած է նաեւ հրեաներուն եւ ասորիներուն դէմ ուղղուած նման յարձակումները եւ սպառնալիքները` յստակացում պահանջելով վարչապետէն, թէ կառավարութիւնը ինչպիսի՛ քայլերու կը դիմէ` կասեցնելու համար նման արարքներ, «որոնք կը բազմանան եւ անպատիժ կը մնան»:
Այս հարցին վերաբերեալ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու եւս ուղղած էր գրաւոր հարցումներ, որոնք ցարդ անպատասխան կը մնան: