Եւրոպական Խորհրդարանը Քուէարկեց Ի Նպաստ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Սառ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

25 Kasım 2016  

Եւրոպական Խորհրդարանը Քուէարկեց Ի Նպաստ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Սառ -

Եւրոպական Խորհրդարանը Քուէարկեց Ի Նպաստ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Սառ Եւրոպական Խորհրդարանը Քուէարկեց Ի Նպաստ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Սառեցման

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցային հոլովոյթը սառեցնելու որոշում մը:

Որոշումը որդեգրուած է 479 թեր, 37 դէմ եւ 107 ձեռնպահ քուէներով:

Թէեւ Եւրոպական խորհրդարանի առաջարկը չունի օրէնքի ուժ, սակայն կարեւոր պատգամ մը կը նկատուի Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ պետութիւններու ղեկավարութեան: Կ՛ակնկալուի, որ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը պիտի քննարկուի դեկտեմբերին նախատեսուած Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին:

Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ որդեգրուած բանաձեւին մէջ մասնաւորաբար կոչ կ՛ուղղուի վերցնելու Թուրքիոյ մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը: Կը նշուի, որ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ մահապատիժի վերականգնումը պիտի նկատուի անդամակցութեան հոլովոյթը պաշտօնապէս առկախելու պատճառ: Անդրադառնալով Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութեան տարածք մուտքի արտօնագիրի ազատականացման` Եւրոպական խորհրդարանը կը նշէ, որ առաջադրուած 72 նախապայմաններէն 7-ն չէ կատարուած:

Ըստ կանոնագիրի, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց որդեգրուած փաստաթուղթը պէտք է ուղարկէ Եւրոպական յանձնաժողովին եւ միութեան անդամ երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան ու խորհրդարանին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+