25 Kasım 2016
«Թրի ուիքս ին Երեւան» կամ («Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ») շարժապատկերը Արմէնի եւ Րաֆֆիի զաւեշտալի ճանապարհորդութիւնն է դէպի Երեւան: Անոնք Լոս Անճելըսէն Երեւան կ՛երթան, որպէսզի ամերիկահայու մը Հայաստանի մէջ 12 տարեկան զաւակ մը որդեգրելու մասին ժապաւէն մը նկարահանեն: Նկարահանումին համար անոնք Ռուպօ անունով թատերավարի մը հետ կը գործակցին եւ երեքով կը լծուին շարժապատկերին համար դերասաններու, նկարահանման վայրերու եւ նիւթականի որոնման գործին: Այս ծրագիրին պատրաստութիւնը կը դառնայ անհեթեթ հանդիպումներու եւ արկածախնդրութիւններու շարան: Պատմութիւնը կը դառնայ այս շարժապատկերին պատրաստութեան ընթացքին տեղի ունեցած անսպասելի դէպքերուն շուրջ, որոնց ընթացքին Արմէն-Րաֆֆի-Ռուպօ եռեակը նոր բացայայտումներու առջեւ կը գտնուի, եւ անոնք սրամտութեամբ կը վարուին իւրաքանչիւր դէպքի հետ:
«Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ժապաւէնին պատմութիւնը կը պատկանի Նարպէ Նազարեանին, իսկ ժապաւէնին բեմագիրն է Վահէ Պէրպէրեանը:
Վահէ Պէրպէրեան նախապէս գրած ու բեմադրած է 13 թատրերգութիւններ` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ինչպէս «Կեանք», «Պարոն Կարպիս», «Վարդագոյն փիղը», «200», «Է նեսթ էդ տը պիչ», «Աութ աֆ տը քլոզէթ», անոր գրիչին կը պատկանին 5 գիրքեր, ինչպէս «Նամակներ Զաաթարէն», «Յանուն հօր եւ որդւոյն» եւ իր մենակատարութիւնները, ինչպէս նաեւ ունի իր վրձինին ստեղծագործութիւնները:
Նարպէ Նազարեան ունի իր երկարամեայ փորձառութիւն եւ համբաւ շարժապատկերի արուեստին մէջ` որպէս արտադրական ծրագրող: Ան աշխատած է «Ֆայնըլ Էփրոչ», «Փոմիկրանէթ», «Ֆայըրթրեփ» եւ այլ ժապաւէններու եւ ֆիլմաշարերու մէջ:
«Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ժապաւէնի բեմադրիչներն են
Վահէ Պէրպէրեանն ու Վահիկ Փիրհամզէն:
Վահիկ Փիրհամզէն դերասան ու ժապաւէնի արտադրող է: Ան 2014 թուականին գրած, բեմադրած եւ խաղացած է «Կարտիըն էյնճըլ»-ը, գրած ու խաղացած «Մայ անքըլ Ռաֆայէլ»-ին մէջ: Ան աշխատած է տարբեր կատակերգութիւններու մէջ եւ գործեր ունի 4 լեզուներով` պարսկերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ հայերէն:
«Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ժապաւէնին մէջ դեր ստանձնած է նաեւ Հրանդ Թոխատեան` որպէս Ռուպօ:
Հրանդ Թոխատեան հանրածանօթ դերասան, կատակերգակ, հաղորդավար եւ ժապաւէնի արտադրող է: Աշխատած է աւելի քան տասը ժապաւէններու մէջ, ինչպէս` «Լոսթ էնտ ֆաունտ ին Արմինիա», «Մայ պիկ արմինիըն ուետինկ», «Մեր բակը 2»: Տիրացած է աւելի քան 10 մետալներու եւ մրցանակներու, ինչպէս 2015-ին`
«Ուըրլտ արմինիըն ինթըրթէյմըն, մոսթ տիմենտըտ արթիսթ» մրցանակին:
Դերեր ստանձնած են նաեւ Խորէն Լեւոնեան, Նարեկ Տուրեան, Նանոր Պետրոսեան, Աշոտ Ղազարեան եւ այլ հանրածանօթ դէմքեր, ինչպէս` Նունէ Եսայեան, Թաթա Սիմոնեան, Ինգա եւ Անուշ Արշակեաններ, Արսէն Գրիգորեան, Լեւոն Յարութիւնեան եւ այլք:
«Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» շարժապատկերի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 2016-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ ցուցադրութեան առաջին շաբաթավերջին հաւաքած է 24.245 ամերիկեան տոլար: Ժապաւէնը օգոստոս 4-ին ցուցադրուած է Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ` Լոս Անճելըս, Ֆրեզնօ, Պոսթոն, Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Սիտնի եւ Թորոնթօ:
«Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ժապաւէնի` Պէյրութի առաջին երկու ցուցադրութիւնները տեղի պիտի ունենան դեկտեմբեր 6-ին եւ 7-ին, Տորայի «Սիթի մոլ»-ի շարժապատկերի սրահներուն մէջ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ: Այս առիթով Լիբանան պիտի գտնուին Վահէ Պէրպէրեանն ու Վահիկ Փիրհամզէն: Այս ցուցադրութիւնները վայելելու համար տոմսերը կարելի է ապահովել Համազգայինի գրախանութէն եւ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնէն: