23 Kasım 2016
Պոլսահայ գրող, լեզուաբան եւ գործարար Սեւան Նշանեանի գործով դատական նիստը յետաձգուած է մինչեւ 2017-ի ապրիլի 27, այս մասին կը յայտնէ Tert.am-ը՝ «Հայ թերթ»-ը:
Յիշեցնենք, որ երէկ Սթամպուլի Չաղլայան արդարադատութեան պալատին մէջ պէտք է տեղի ունենար Նշանեանի գործով դատավարութիւնը:
Դատավարութեան ընթացքին պիտի քննուի Նշանեանին ներկայացուած «Կրօնական արժէքներու ոտնահարման» մեղադրանքը:
Նշենք, որ Սեւան Նշանեանը 2013-ի Մայիսին դատապարտուած է 13,5 ամսուայ ազատազրկման Մուհամետ մարգարէի հասցէին կատարած արտայայտութիւններուն համար:
2013-ի Դեկտեմբեր 12-ին Նշանեան ապօրինի շինարարութիւն կատարելու մեղադրանքով դատապարտուած է 3,4 տարուայ ազատազրկման:
Աւելի ուշ Նշանեանին մեղադրանք առաջադրուած է «Մշակութային եւ բնական արժէքներու պահպանման» մասին օրէնքը խախտելու համար, որուն համար ան դատապարտուած է եւս 5 տարի 2 ամիս 15 օր ազատազրկման, ինչպէս նաեւ 12.600 (մօտ 6.000 տոլար) թրքական լիրա տոյժի: