23 Kasım 2016
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոն առաջին կարեւոր յաղթանակը արձանագրած է Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին համար սկսող պայքարին մէջ:
Կիրակի, 20 նոյեմբերին «Հանրապետականներ» աջ կեդրոնամէտ կուսակցութեան իր թեկնածուն ճշդելու համար կատարած նախնական ընտրութեան առաջին փուլին ան գրաւած է առաջին դիրքը:
Եօթը կուսակից թեկնածուներուն մէջ 62-ամեայ Ֆիոն ապահոված է առաւելագոյն քուէները` 44,1 առ հարիւրը, Պորտոյի քաղաքապետ Ալեն Ժիւփէն, որ ըստ հարցախոյզներուն ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցողն է, ստացած է քուէներուն 28,3 առ հարիւրը: Երրորդ դիրքը գրաւած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, որ ապահոված է քուէներուն 20,9 առ հարիւրը:
Նշենք, որ նախնական ընտրութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ Սարքոզի յայտարարեց, որ կը հեռանայ քաղաքական կեանքէն: Ան նշեց, որ մտադիր է աջակցիլ Ֆիոնի:
27 նոյեմբերին նախատեսուած նախնական ընտրութեան յաջորդ փուլին պիտի մասնակցին միայն Ֆիոնն ու Ժիւփէն: