Լաւատես Չեմ Սուրիոյ Մօտիկ Ապագայի Հեռանկարին Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Օպամա - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

23 Kasım 2016  

Լաւատես Չեմ Սուրիոյ Մօտիկ Ապագայի Հեռանկարին Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Օպամա -

Լաւատես Չեմ Սուրիոյ Մօտիկ Ապագայի Հեռանկարին Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Օպամա Լաւատես Չեմ Սուրիոյ Մօտիկ Ապագայի Հեռանկարին Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քաոսը կրնայ «որոշ ժամանակ» շարունակուիլ:

Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի շղթայազերծած օդային հարուածներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ռուս-իրանեան աջակցութիւնը քաջալերած է, որ Ասատ ճնշէ սուրիական ընդդիմութեան զինեալները:

Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ, Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի շրջանի պետութիւններու` ԱՍԷԱՆ-ի վեհաժողովի աւարտին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Օպամա յայտարարեց. «Սուրիոյ մօտիկ ապագայի հեռանկարին նկատմամբ լաւատես չեմ»` նշելով, թէ երբ Ռուսիան ու Իրանը կ՛որոշեն աջակցիլ Սուրիոյ նախագահին` օդային հարուածներ շղթայազերծելու եւ Հալէպի մէջ զինադադար հաստատելու` անտեսելով քաղաքային զոհերը, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու քանդումը, «շատ դժուար կը դառնայ տեսնել գոյութիւնը միջոցի մը, որ չափաւորական, մարզուած ու յանձնառու ընդդիմութիւնը կարենայ դիմանալ երկար ժամանակով»:

Ան ըսաւ, որ Լիմայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին վերջինիս փոխանցած է, որ խոր մտահոգութիւն կը զգայ «Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան նկատմամբ, եւ թէ կարիքը կայ զինադադար հաստատելու»:

«Ներկայ հանգրուանին կարիքը կայ, որ այս հարցին մէջ բոլոր կողմերը իրենց մտածելակերպը փոխեն` Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան վերջ տալու համար», յայտնեց Օպամա:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+