21 Kasım 2016
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարտին քաղաքին մէջ մէկ օրուան մէջ ձերբակալուած են քրտական Ժողովրդավարական շրջաններու կուսակցութեան 51 անդամներ, որոնցմէ 20-ին վերաբերեալ անմիջապէս կալանաւորման որոշում տրուած է:
Ձերբակալուածները կը կասկածուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու մէջ: