Արեւելեան Հալէպի Ինքնակառավարումը Մերժելի Է Կ՛ըսէ Մոալլեմ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

21 Kasım 2016  

Արեւելեան Հալէպի Ինքնակառավարումը Մերժելի Է Կ՛ըսէ Մոալլեմ -

Արեւելեան Հալէպի Ինքնակառավարումը Մերժելի Է Կ՛ըսէ Մոալլեմ Արեւելեան Հալէպի Ինքնակառավարումը Մերժելի Է Կ՛ըսէ Մոալլեմ

Մինչ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտարարեց, որ արեւելեան Հալէպի մէջ ինքնակառավարումը պէտք է շարունակուի, եթէ զինեալները անկէ հեռանան, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ տը Միսթուրայի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ արեւելեան Հալէպի մէջ ինքնակառավարման գաղափարը ամբողջովին մերժելի է:

Ան ըսաւ, որ Տը Միսթուրա միջսուրիական երկխօսութեան վերսկսման թուական մը չէ ճշդած` աւելցնելով. «Թերեւս ամերիկեան նոր վարչակազմին կամ ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարին կը սպասէ որեւէ քայլի դիմելու համար»:

Մոալլեմ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան այլընտրանքը գոյութիւն չունի, սակայն պայմանով, որ վերջինս «իր անդամներուն գերիշխանութիւնը յարգէ»:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Ռաքքա հասնելէ առաջ կ՛օգտագործէ քիւրտերը, որմէ ետք ալ պիտի օգտագործէ Թուրքիան: Ան վերահաստատեց, որ իր երկիրը կը մերժէ, որ նոյնիսկ մէկ թուրք զինուոր մնայ սուրիական հողերուն վրայ:

Խօսելով Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփէն ակնկալիքներուն մասին` Մոալլեմ ըսաւ, որ Դամասկոս ամերիկեան նոր վարչակազմէն սպասածը ահաբեկչական խմբաւորումներուն կասեցումը չէ, այլ ահաբեկչութեան աջակցող երկիրներու զսպումը:

Պատասխանելով եգիպտացի լրագրողի մը Սուրիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն մասին այն հարցումին, թէ «սուրիական-եգիպտական գնացքը հասա՞ւ յուսալի կանգառ», Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ եգիպտական յայտարարութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրած են, «սակայն տակաւին չեն հասած մեր սպասածին»:

«Մնացած է փոքր ոստում մը, եւ հարցերը իրենց բնական հունին կը վերադառնան», ըսաւ ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+