21 Kasım 2016
Նիւ Եորքի մէջ շուրջ հազար անձեր Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծննդավայր Քուինզ թաղամասէն մինչեւ Թրամփի երկնաքերը քայլարշաւ մը կատարեցին` առ ի պաշտպանութիւն բազմազանութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու:
Քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամ Վան Պրայմըրի հրաւէրով:
Ցուցարարները Քուինզը Մանհաթընին կապող կամուրջէն անցնելով հասան Թրամփի կեդրոնատեղիին առջեւ:
Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Քուինզը ատելութեան դէմ դիմադրութիւն պիտի կատարէ», «Ո՛չ ֆաշականութեան» եւ «Կասեցուցէ՛ք ցեղապաշտութիւնը»:
Շատեր բարձրացուցած էին միասեռականներու կողմէ` իբրեւ իրենց խորհրդանիշը որդեգրուած ծիածանի գոյներով դրօշներ:
Փարիզի մէջ մեծամասնութեամբ ամերիկացիներէ բաղկացած 300-էն 400 անձեր բողոքի ցոյց մը կատարեցին Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրութեան դէմ` նորընտիր նախագահը ամբաստանելով «ցեղապաշտութեան» եւ «սեռային խտրականութեան» յանցանքով:
Ցուցարարները, որոնց նաեւ միացան ֆրանսացիներ, մինչեւ Էյֆելեան աշտարակ քայլարշաւ մը կատարեցին` բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Թրամփէն հրաժարեցէ՛ք» կամ «Փարիզը ընդդէմ Թրամփի»:
Ցուցարարներէն մէկը իր բարձրացուցած պաստառին վրայ գրած էր. «Թրամփի շուրջ պատ հիւսեցէ՛ք, ես ծախսերը պիտի հոգամ»: Ան այդպիսով կ՛ակնարկէր այն պատին, որ Թրամփ խոստացած է նախագահ ընտրուելու պարագային կառուցել Մեքսիքայի հետ Միացեալ Նահանգներու սահմանին վրայ: