21 Kasım 2016
Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Նոյեմբեր 20-ին, Պոսթան ալ Քասըր շրջանէն հրթիռակոծած են Հալէպի զանազան շրջաններ։ Անոնք՝ չխնայելով խաղաղ բնակչութիւնն ու կրթական հաստատութիւնները՝ հրթիռակոծած են նաեւ Ֆըրքան շրջանին մէջ գտնուող նախակրթարան մը, ուր զոհուած է 8 տեղացի աշակերտ (7-12 տարիքի միջեւ), եւ վիրաւորուած են 27 ուրիշներ։ Այս մասին կը յայտնէ Հալէպն «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Մինչ այդ, սուրիական բանակը յառաջխաղացք արձանագրած էր Հալէպի արեւելեան շրջաններուն ուղղութեամբ՝ մուտք գործելով Մէսէքէն Հէնէնօ։