17 Kasım 2016
Հայաստանը ներկայացնող Դաւիթ Խաչատրեանը Տոնի Ռոստովի մէջ կայացած խառն մենամարտերու մրցաշարքին մրցավարներու միաձայն որոշումով յաղթած է ուքարնացի Անատոլի Սաֆրոնովին: Այս մասին կը տեղեկացնէ News.am sport կայքը:
Խաչատրեան իր յաղթանակը նուիրած է Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին Արցախի սահմանները պաշտպանելու ատեն արիաբար զոհուած եւ յետմահու Արցախի հերոսի կոչում ստացած կրտսեր յիսնապետ Ռոպերթ Ապաճեանի յիշատակին: Նոյեմբեր 16-ին Ռոպերթ Ապաճեանը պիտի դառնար 20 տարեկան: