17 Kasım 2016
Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի խորհուրդի նախագահ Ռաֆֆի Համբարեան հանդիպած է Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Փոլ Ռայանի հետ, որ միաձայն վերընտրուած է իր պաշտօնին: Յանձնախումբին տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այդ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԱՄՆ-ի հայ համայնքին մտահոգող արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները:
Համբարեան ընգծած է իր ներկայացուցած կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը` սատարելու ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակին եւ անոր նորընտիր անձնակազմին, ինչպէս նաեւ` ժողովրդավարներու առաջնորդներու ջանքերուն` համատեղօրէն առաջ մղելու ԱՄՆ-ի հայ ընտրողներուն մտահոգող խնդիրները, Քոնկրեսի 2017-ի Յունուարին կայանալիք 115-րդ նիստին քննարկելու համար:
«Ես ուրախ եմ նորընտիր խօսնակին հետ հայեացքներ փոխանակելու հնարաւորութեան համար: Ան ամուր կապեր ունի Ուինքօնսընի մէջ, ուր բաւական կենսունակ հայ համայնք կայ»,- ըսած է Համբարեան` շարունակելով․ «Մեր կազմակերպութիւնը մեծապէս շահագրգռուած է աշխատելով խօսնակ Ռայանի եւ Պալատի մեծամասնութեան առաջնորդ Մքքարթիի հետ` նպատակ ունենալով յառաջիկայ վարչակազմին հաղորդակից դարձնել ամերիկահայերուն մտահոգող խնդիրներուն»:
Ըստ Համբարեանին, այդ խնդիրներէն են «Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժող կեցուածքի հանդէպ ԱՄՆ-ի հանդուրժողական վերաբերմունքը, անկախ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու ինքնորոշումը, ինչպէս նաեւ` ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական, քաղաքական ռազմական յարաբերութիւններու զարգացումը»: