Նոր Զարթօնք-ը Կը Պատասխանէ Մխիթարեան Վարժարանի Պատին Ազգայնականներու Գրութեան - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

17 Kasım 2016  

Նոր Զարթօնք-ը Կը Պատասխանէ Մխիթարեան Վարժարանի Պատին Ազգայնականներու Գրութեան -

Նոր Զարթօնք-ը Կը Պատասխանէ Մխիթարեան Վարժարանի Պատին Ազգայնականներու Գրութեան Նոր Զարթօնք-ը Կը Պատասխանէ Մխիթարեան Վարժարանի Պատին Ազգայնականներու Գրութեան

Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի պատին յայտնուած ցեղապաշտական գրութեան առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածած են «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան հեղինակները, որոնք նշած են, որ չեն վախնար ազգայնականներուն սպառնալիքներէն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ անոնք այս մասին գրառում կատարած են Դիմատետրի վրայ:

«Պոմոնթի Մխիթարեան դպրոցի պատին երէկ առաւօտեան գրութիւն մը տեսանք: Դժբախտաբար, ականատեսը կը դառնանք այն բանին, թէ ինչպէ՛ս ամէն անցնող օրուան հետ կ՛աւելնայ հայերու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքը: Սակայն մենք չենք վախնար, չենք մեկնիր, այստեղ ենք: Եղած ենք, կանք ու պիտի ըլլանք», յայտարարած են անոնք:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Պոմոնթի շրջանին մէջ գտնուող Մխիթարեան վարժարանի պատին թուրք ազգայնականները գրած են. «Գիշեր մը յանկարծակի պիտի յայտնուինք Ղարաբաղի մէջ»:

Յիշեցնենք, որ օգոստոսին նմանօրինակ գրութիւն յայտնուած էր Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքի, իսկ սեպտեմբերին` Քալֆայեան հայկական դպրոցի պատերուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+