17 Kasım 2016
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փաքիստան իր այցելութենէն առաջ լրագրողներուն յայտնած է, որ վեց տարուան դադարէ ետք Անգարան դեսպան նշանակած է Իսրայէլի մէջ:
Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպան նշանակուած է Քեմալ Էօքեմ, որ Ահմեթ Տաւութօղլուի վարչապետութեան ժամանակ կառավարութեան արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդականն էր: Նախապէս ան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի բաժանմունքի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալն էր:
Էրտողան յիշեցուցած է, որ մէկ օր առաջ Թուրքիոյ մէջ դեսպան նշանակած է նաեւ Իսրայէլը: Ան յայտնած է, որ դեսպանները ծառայելու պիտի սկսին 16 նոյեմբերէն (երէկ) սկսեալ: