17 Kasım 2016
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ փորթուգալական «Առ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկրին տարածքին մէջ թուրք զինուորներու ներկայութիւնը ներխուժում է, որուն Սուրիոյ ժողովուրդը իրաւունք ունի դիմադրելու:
«Մենք իրաւունք ունինք պաշտպանելու (երկիրը): Խօսքը կը վերաբերի ներխուժման: Մենք իրաւունք ունինք պաշտպանելու մեր երկիրը որեւէ ներխուժումէ», ըսած է Ասատ:
Ան նշած է, որ իւրաքանչիւր ահաբեկիչ, որ կը գտնուի Սուրիոյ մէջ, «այստեղ յայտնուած է Թուրքիոյ տարածքին ճամբով` Էրտողանի օժանդակութեամբ»:
«Ուստի այդ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարը պայքար է «Էրտողանի բանակին» դէմ, ոչ թէ թրքական բանակին, այլ` ինքնին «Էրտողանի բանակին» դէմ», նշած է Ասատ:
Սուրիոյ նախագահը նաեւ նշած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի «ռուսերուն եւ իրանցիներուն հետ, անոր բնական դաշնակիցները պիտի ըլլանք»:
Ամերիկեան «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ» օրաթերթը` մէջբերելով Փենթակոնի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աղբիւրներ, իր երէկուան թիւին մէջ գրած էր, որ Թրամփ կրնայ Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դէմ միացեալ օդային հարուածներու սկսիլ: