14 Kasım 2016
Կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան զարգացման նպատակով 12-էն 15 նոյեմբերին Չինաստանի կրթութեան նախարարութեան հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը գտնուի Չինաստան:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի տնօրէն Ռուբէն Միրզախանեան:
Նախատեսուած են հանդիպումներ Չինաստանի կրթութեան նախարարութեան, կրթութեան եւ գիտութեան մարզի ներկայացուցիչներուն հետ: Այցելութեան ընթացքին կը քննարկուին երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, երկկողմանի կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Յատկապէս, նախատեսուած են երկու երկիրներու համալսարաններուն միջեւ միջպետական համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ ուսանողներու փոխանակման ծրագիրի, ինչպէս նաեւ միջհամալսարանական նոր կապերու ստեղծման կարելիութեան վերաբերեալ քննարկումներ: Բացի ատկէ, տեղի պիտի ունենան` Փեքինի համալսարաններէն մէկուն մէջ հայերէնի` իբրեւ առանձին մասնագիտութեան ուսուցման կազմակերպման վերաբերեալ բանակցութիւններ: