14 Kasım 2016
12-էն 13 նոյեմբերի լուսցող գիշերը հակառակորդը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ կիրարկած է 60 միլիմեթրնոց ականանետ (17 արկ) եւ ձեռքի հակահրասայլային նռնականետ (9 արկ):
Ընդհանուր առմամբ, նշուած ժամանակաշրջանին մէջ ազրպէյճանական զինուժին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է աւելի քան 60 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ եւ խոշոր տրամաչափի գնդացիրներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 530 կրակոց:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդին նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշուած է: