Անդրադարձ. Քաղաքական Հոլովոյթի Աւարտը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

06 Kasım 2016  

Անդրադարձ. Քաղաքական Հոլովոյթի Աւարտը -

Անդրադարձ. Քաղաքական Հոլովոյթի Աւարտը Անդրադարձ. Քաղաքական Հոլովոյթի Աւարտը

Թուրքիան օրըստօրէ կը մխրճուի բռնատիրութեան ու խաւարի անդունդին մէջ:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 4 նոյեմբերի կանուխ առաւօտեան ձերբակալած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ 11 անդամները, ներառեալ կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եիւքսեքտաղը: Տիարպեքիրի դատախազի գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ձերբակալութիւններու եւ խուզարկութիւններու հրամանագիրները հիմնուած են «հաստատ փաստերու վրայ հիմնուած ուժեղ կասկածներու վրայ»` աւելցնելով, որ ձերբակալեալները հետաքննութեան ենթակայ են «ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութեան մը անդամակցութեան եւ ահաբեկչութեան քարոզչութիւն» կատարելու ամբաստանութեան հիմամբ: Քանի մը ժամ ետք արձանագրուեցաւ թերեւս պատահական զուգադիպութիւն եղող, սակայն այս պարագային իմաստալից դէպք մը. Տիգրանակերտի Պաղլար թաղամասին մէջ ոստիկանութեան կեդրոնին մօտ մեծ պայթում մը պատճառեց 8 զոհեր, 100 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներուն եւ երեսփոխաններուն ձերբակալութեամբ վերջնականապէս կը տապալի 28 դեկտեմբեր 2012-ին Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի (օրին` Թուրքիոյ վարչապետ) կողմէ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարուած քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը եւ որուն իբրեւ հետեւանք ժամանակավրէպ կը դառնայ ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի զինեալ պայքարէն հրաժարելու 12 մարտ 2013-ի կոչը:

Քաղաքական գործիչներու ձերբակալութեամբ կը փակուի քաղաքական երկխօսութեան էջը եւ դուռը լայն կը բացուի յաւելեալ արիւնահեղութեան դիմաց, որովհետեւ քրտական հարցին քաղաքական լուծում գտնելու ուղիէն արդէն որոշ ատենէ մը ի վեր շեղած Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը այսպիսով առաւել եւս կը խորանայ սխալ ուղիի մէջ` այրելով իր ետին գտնուող կամուրջները եւ այդպիսով դժուարացնելով հարցը քաղաքական դաշտ վերադարձնելու ուղին:

Թուրքիոյ վարչապետը վերջերս խօսելով մահապատիժի վերականգնման մտադրութեան մասին յայտարարեց, որ իրենք այդ քայլով կը պատրաստուին վերջին մահացու հարուածը հասցնելու ներքին թշնամիներուն: Խորքին մէջ քրտական հարցի լուծման քաղաքական հոլովոյթի մահէն, երկրին մէջ արտակարգ դրութեան հաստատումէն, լրատուամիջոցներուն դէմ եւ թաքնուած կիւլենականներու յայտնաբերման պատրուակով շղթայազերծուած լայնածաւալ արշաւներէն ետք այդ քայլը մահացու հարուած պիտի հասցնէ ոչ թէ «ներքին թշնամիներուն», այլ Թուրքիոյ` ժողովրդավարական պետութեան մը փոխակերպման եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան երազներուն:

Եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ արկածախնդրութիւնները, առաւել յստակ պատկերացում մը կ՛ունենանք այն անդունդին մասին, ուր իրենց երկիրը կը մխրճեն Թուրքիոյ «լուսամիտ» ղեկավարները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+